image

Ի՞նչ պատճառով  Իսրայէլի նախագահը դէպի Պաքու նախատեսուած այցը չեղարկած է 

Ի՞նչ պատճառով  Իսրայէլի նախագահը դէպի Պաքու նախատեսուած այցը չեղարկած է 

Կառավարութեան խոսափող համարուող ատրպէյճանական լրատուական կայքը պնդած է, որ Պաքուի COP29 կլիմայի համաժողովին Իսրայէլի նախագահ Իցխաք Հերցոկի այցելութիւնը չեղարկելու իրական պատճառը Թուրքիոյ թոյլտւութիւն չտալն է՝ որ Հերցոկի օդանաւը իր օդային տարածքով թռչի։

Ատրպէյճանական պաշտօնեաները իսրայէլեան Ynet լրատուամիջոցին հաստատած են տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդման իսկութիւնը։

Հերցոկը երեքշաբթի այցով պէտք է ժամանէր Պաքու, Ynet-ին յայտնի դարձած է, որ թռիչքն Ատրպէյճան նախատեսուած էր իրականացնել Wing of Zion պաշտօնական օդանաւով։

Շաբաթ երեկոյեան Իսրայէլի նախագահի գրասենեակը յայտարարած էր, որ «իրավիճակի գնահատման լոյսի ներքոյ եւ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, երկրի նախագահը որոշած է չեղարկել իր այցը Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք կլիմայական համաժողովին»։

Իսրայէլի պաշտօնեաները յայտարարած են, որ այդ պայմանաւորուած է անվտանգութեան ծառայութեան նախազգուշացումներով:

Ատրպէյճանցիներուն, սակայն, անհաճոյ եղած է, թէ ինչպէս Իսրայէլը ձեւակերպած է այդ որոշումը, եւ Ատրպէյճանի ԱԳՆ բարձրաստիճան պաշտօնեան ատրպէյճանական Caliber News լրատուական կայքին ըսած է, որ Հերցոկի չուերթը չեղարկելու պատճառն երբեք ալ անվտանգութեան պատճառով չէր, այլ արգելքի, որ մտցուցած է Թուրքիան՝ Հերցոկը տեղափոխող օդանաւին իր օդային տարածքն օգտագործելու թոյտւութիւն չտալով։

Ատրպէյճանցիներն, ըստ երեւոյթին, վիրաւորուած են չուերթի չեղարկման պատճառի մասին Իսրայէլի ձեւակերպումէն եւ փորձած են փոխել այն դիւանագիտական ​​շփումներու միջոցով։