«Դիմադրութիւն» շարժումը 8 Մայսիսի առաւօտեան 9:30-ին Աշտարակի խճուղիէն ինքնաշարժներու երթով կը մեկնի Կիւմրի, այնուհետեւ ժամը 13:00-ին հանրահաւաք կը կայացնէ Կիւմրիի մէջ: Այս մասին յայտարարած էր «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող, ԱԺ փոխխօսնակ՝ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ժամը 17:00-ին ալ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ արցախցիները մշակութային միջոցառում պիտի կազմակերպեն: Կիրակի օր ընդդիմութիւնը հանրահաւաք պիտի չկայացնէ Երեւանի մէջ:
«Մայիսի 9-ին` Շուշիի ազատագրութեան օրը, 17:00-ին, այս հրապարակում հրաւիրում ենք հրապարակ հանրահաւաքի: Վաղը նաեւ կ'ունենանք աշխատանքային օր, մեր աշխատանքները վերակազմակերպելու, ծրագրերը ամբողջացնելու համար»,-ըսած է Սաղաթէլեան: