image

Դիլաքեան եղբայրներու տաղանդաշատ աշխարհը

Դիլաքեան եղբայրներու տաղանդաշատ աշխարհը

Հայաստանցի տաղանդաւոր արուեստագէտ-նկարիչներ Դիլաքեան եղբայրներուն՝ Յովհաննէս եւ Գագիկ Դիլաքեաններուն, Հայաստանի մէջ մեծ-փոքր գրեթէ ամէն մարդ գիտէ: 1976 թուականին անոնց ստեղծած մէկ գործը՝ «Գտնուած երազ» մանկական շարժապատկերը, մինչեւ հիմա կը ցուցադրուի եւ դարձած է ամենասիրուած հայկական մանկական շարժանկարը: Անսահման բարի նիւթի եւ դրական հերոսներու պատճառով է այդքան սիրուած, դիտուած եւ գնահատուած «Գտնուած երազ»ը: Շարժանկարը փոքրիկ աղջկան մը մասին է, որ ունակ է քալել նկարներու միջով եւ իր ճանապարհին բացայայտել նոր աշխարհներ, նոր կերպարներ: Մեծ աչքերով փոքրիկ աղջնակը, հետեւելով կենդանութիւն առած թիթեռներուն, կ՚երթայ որոնելու մեծ հօր կորսուած քունը: Ան կը յայտնուի նկարներու կախարդական աշխարհին մէջ, կը ծանօթանայ նկարի ծերուկին հետ։ Երբ առաւօտեան աղջիկը կը վերադառնայ, մեծ հայրը արդէն գտած էր քունը եւ քնացած… Պատմութիւնը կը գրաւէ սկիզբէն մինչեւ վերջ. հերոսները կը խաղան կենդանի, վառ գոյներով, անոնք նկարուած են տաղանդաւոր վարպետի վրձինով, շարժանկարին մէջ կը հնչէ երգահան Ռուբէն Հախվերտեանի մէկ երգը, մեծ հօր կերպարը ձայնաւորած է տաղանդաւոր դերասան Մհեր (Ֆրունզիկ Մկրտչեանը), եւ Դիլաքեաններու աշխատանքը, նշանաւոր այս արուեստագէտներու մասնակցութեամբ մեծ ազդեցութիւն ձգած է սերունդներու վրայ:

Այս շարժանկարը, որ իսկապէս գլուխ գործոց է, տեսակ մը ստուերի տակ ձգած է Դիլաքեան եղբայրներու արուեստը, որ շատ բազմանիւթ է եւ տաղանդաշատ՝ լի ամենատարբեր ժանրերով եւ արդիական ուղղութիւններով:      

Մինչ «Գտնուած երազ»ը՝ Յովհաննէս Դիլաքեան «ՀայՖիլմ»ի մէջ նկարահանած է «Աղուէսագիրք» շարժանկարը՝ ըստ Վարդան Այգեկցիի եւ Մխիթար Գօշի առակներու, եղբայրը՝ Գագիկ Դիլաքեանը, նոյնպէս մասնակցած է «Աղուէսագիրք»ի ստեղծման:

Հայաստանի անկախութենէն տարիներ առաջ Դիլաքեան եղբայրները տեղափոխուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հոն շարունակած են արուեստագէտի իրենց ճանապարհը, որ ընդհանրապէս, համատեղ է. անոնք այն հազուադէպ արուեստագէտներէն են, որ կը ստեղծագործեն միասին՝ փոխլրացնելով եւ ամբողջացնելով մէկը միւսին: Նիւեորքեան արուեստի քմահաճ միջավայրը ընդունած է զանոնք, մասնակցած են բազմապիսի ծրագրերու, բայց առհասարակ ամենամեծ երջանկութիւնը ԱՄՆ-ի մէջ ապրած են՝ երբ ազատօրէն ստեղծագործած եւ թռիչք տուած են իրենց միտքերուն եւ գաղափարներուն:

Հակառակ ԱՄՆ փոխադրուած ըլլալուն, անոնք հազարումէկ թելերով կապուած են Հայաստանին եւ առանց Հայաստանի չեն պատկերացներ իրենց կեանքն ու արուեստը:

Վերջին տարիներուն Դիլաքեանները յաճախ կ՚այցելեն Հայաստան… Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն եւ ատկէ ետք՝ շրջափակման ամիսներուն Յովհաննէս եւ Գագիկ Դիլաքեանները ստեղծեցին արցախեան թեմաներով իրենց հանճարեղ նկարաշարը՝ իբրեւ արուեստագէտներ յուսադրման, լաւատեսութեան, ապրելու եւ կամքի իրենց մասնաբաժինը հաղորդելով թէ՛ արցախցիներուն, թէ՛ համայն հայութեան: Անոնք իրենց նկարաշարին մէջ պատկերած են Արցախի խորհրդանիշ դարձած «Պապիկ-տատիկ» յուշարձանի մեծ մայրիկը եւ մեծ հայրիկը, որոնք կեանքի զանազան իրողութիւններու միջոցով կը յուսադրեն ծանր վիճակի մէջ գտնուողները: Պատերազմի եւ շրջափակման օրերուն հազարաւոր մարդիկ կը հետեւէին Դիլաքեան եղբայրներու այդ նկարներուն, որոնց մէջ այնքա՜ն ժպիտ, կատակ, խաղ եւ մանաւանդ՝ կեանք կայ…

Նկարիչ Դիլաքեաններու արուեստի ճանապարհը սկսած է շատ վաղուց՝ մանուկ տարիներուն. անոնց հայրը Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական դերասան Թաթուլ Դիլաքեանն է (ծնած Վան՝ 1913-ին), մայրը նոյնպէս արուեստագիտուհի եղած է…

Ծնած են Երեւան, Յովհաննէս Դիլաքեանը՝ 1950 թուականին, Գագիկ Դիլաքեանը՝ 1951 թուականին, իրենցմէ մեծ քոյր մը ունէին, որ նոյնպէս արուեստագէտ էր եւ կեանքէն հեռացաւ տարիներ առաջ՝ ԱՄՆ-ի մէջ:

Շատ մեծ ուրախութիւն էր Երեւանի մէջ ծանօթանալ Դիլաքեան եղբայրներէն մէկուն՝ Գագիկ Դիլաքեանին, որ այս անգամ Երեւան եկած էր միայնակ:

«Գտնուած երազ»ը, «Աղուէսագիրք»ը, իմ ալ սիրած մանկական շարժուն պատկերանկարները եղած են, բայց ես Դիլաքեան եղբայրները կրկնակի սիրած եմ իրենց արցախեան շարքի համար, որ համազգային ողբերգութեան օրերուն տեսակ մը շնչառութիւն կու տար մեզի…

Գագիկ Դիլաքեան Երեւանի մէջ սիրով հարցազրոյց տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, պատմեց իրենց երեւանեան տարիներէն մինչեւ ամերիկեան իրականութեան մէջ յայտնուիլը եւ ներկայացուց իրենց միւս շարքերը, որոնց արուեստասէրը այնքան ալ ծանօթ չէ:

*

-Գագի՛կ, ձեր հայրը նշանաւոր դերասան էր, արդեօք ան պատճառ եղա՞ծ է, որ զաւակներն ալ արուեստի ճանապարհով երթան:

Հայրս ժամանակին շատ ճանչցուած էր, ցաւօք նոր սերունդը այնքան ալ չի գիտեր Թաթուլ Դիլաքեանը, բայց ան ոչ միայն թատրոնի, շարժանկարի, այլ կեանքի մէջ ալ իր շուրջը արուեստ ստեղծող մարդ էր. մեր տունը կը հաւաքուէին ժամանակի մեծերը՝ յայտնի դերասաններ, արուեստագէտներ, եւ իւրայատուկ միջավայր մը կը գոյանար: Կան տասնեակ պատմութիւններ անոր եւ իր արուեստագէտ ընկերներու մասին: Իմ մայրս ալ բեմադրիչ ուսանած է, բայց ամուսնացած է եւ չէ շարունակած, երեք երեխայ ունեցած է եւ նուիրուած ընտանիքին՝ միշտ քաջալերերով ամուսինը: Մեր ծնողքը, այո՛, շատ մեծ դեր ունեցած է մեր կեանքին մէջ, բայց ոչ թէ աւելորդ տեղը առաջ հրելով մեզ, այլ՝ շատ կոշտ էին մեր նկարչական հակումներուն հանդէպ. այն ծնողքէն չէին, որ մեր ամէն գծածը առնէին եւ գովէին, ընդհակառակը, ինչ որ վատ էր՝ չոր կերպով կ՚ըսէին՝ վատ է, եւ ատիկա մեզի աւելի զօրացուցած է, դրդած է աւելի ու աւելի լաւը ըլլալ, կատարելագործուիլ… Այդ կողմանէ մեր ծնողքին շատ շնորհակալ ենք՝ անոնք մեզ արուեստի առումով երես չեն տուած: Ես ու եղբայրս շատ փոքր տարիքէն կը գծէինք եւ մեծ սէր ունէինք գծագրութեան հանդէպ:

 

-Քիչ մը դժուար է հաւատալ, որ ըլլալով այդքան տաղանդաւոր, արուեստի համալսարաններ չէք ուսանած, եւ իբրեւ նկարիչներ ինքնուս էք: Ինչպէ՞ս հնարաւոր դարձաւ ատիկա:

Ուրախ ենք, որ ինքնուս ենք, մանաւանդ այդ տարիներուն ուսուցիչի ազդեցութիւն կրնար ըլլալ, իշխող, տարածուած հոսանքներու ենթարկուիլ կրնար ըլլալ եւ այլն: Իսկ մենք ամէն ինչը կ՚իւրացնէինք, մեզ անհրաժեշտ եղածը կ՚առնէինք: Տակաւին այդ տարիներէն ստեղծագործողի մեր միտքը ուղղուած էր դէպի ամերիկեան իրականութիւն, ամերիկեան երազով կ՚ապրէինք: Մենք ազատութիւն կը փնտռէինք, ինչ որ չկար Խորհրդային Միութեան մէջ: Եղբայրս իր մէկ գործը ցուցադրած էր Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի հաւաքածոյին մէջ, զբօսաշրջիկներ եկած էին դուրսէն, ամերիկացի աղջիկ մը, հաւնելով եղբօրս գործը, ծանօթացած է, սիրահարուած են, եւ 1978 թուականին եղբայրս մեկնած է ԱՄՆ՝ ամուսնանալով այդ աղջկան հետ: 1979-ին ես ալ պիտի երթայի, մերժեցին, աֆղանական պատերազմը սկսաւ, եւ ամէն ինչ գոցուեցաւ, գրեթէ տասը տարի յետոյ՝ 1988-ին ես նոր կրցայ միանալ եղբօրս՝ մինչ երթալս կը շարունակէի աշխատանքս «ՀայՖիլմ»ի մէջ:

Ամերիկա երթալով տեսանք, որ մեր ունեցած երազը սոսկ երազ չէր եւ իրական էր այն, ինչ կ՚երազէինք: Եւ մենք հոն յայտնուեցանք ոչ թէ ամերիկահայ, այլ՝ զուտ ամերիկեան շրջանակներու մէջ: Արուեստագէտի մը համար իրապէս դժուար էր խորհրդային վարչաձեւը. վարչաձեւը ինք կ՚որոշէր ի՛նչ կարդաս, ի՛նչ շարժանկար դիտես, ինչպէ՛ս մտածես: Մենք այդպէս ապրած էինք եւ սորված էինք՝ հակառակը հասկնալ, եթէ ըսէին այս ինչ շարժանկարը վատն է, ուրեմն պէտք էր հասկնալ, որ լաւն է… Այդ ամէն ինչը կը կաշկանդէր մեզ… Եւ ինքնուս ըլլալը այդ պայմաններու մէջ ամենալաւ ընտրութիւնն էր: Ես, հանգամանքներու բերումով Երեւանի Պետական համալսարանը ուսանեցայ, բայց՝ ռուսական բանասիրութեան բաժինը, նկարչական որեւէ կրթութիւն չենք ստացած ոչ ես, ոչ՝ եղբայրս՝ Յովհաննէսը:

 

-Ինչո՞վ զբաղեցաւ ձեր եղբայրը ԱՄՆ հաստատուելու առաջին շրջանին:

ԱՄՆ-ի մէջ ան սկսաւ պատկերազարդումներ կատարել, բաւական յաջողութիւններ ունեցաւ, անոր մասին յօդուածներ տպուեցան թերթերու մէջ, գործակալ կար, որուն հետ կ՚աշխատէր: Մօտաւորապէս տասը տարի ատով զբաղած էր, եւ երբ ես միացայ, սկսանք համատեղ աշխատիլ, բայց արդէն ուրիշ ուղղութեամբ մը: Նորաձեւութեան մէջ շատ յառաջապահական գործեր կ՚ընէինք, ջանացինք արուեստը սարքել օգտագործուող՝ կը նկարէինք ամէն ինչի վրայ՝ աթոռի, սեղանի, դաշնամուրի, գլխարկի, գործածուող շատ-շատ իրերու վրայ արուեստ կը գծէինք:

Գաղափարը այն էր, որ արուեստը բերենք դէպի մարդիկը, քանի որ շրջան մը եկաւ, մարդիկ ցուցասրահներ չէին երթար, ու որոշեցինք, որ արուեստը կրնայ ամէն ինչի վրայ ըլլայ, ամէն իրի վրայ՝ կօշիկի, հովանոցի, կահոյքի, գլխարկի…

Երբեմն քննադատութեան կ՚արժանանար, բայց աւելի շատ հրճուանք կար մեր ըրած գործերուն հանդէպ: Սկսանք նաեւ շիշեր ձեւաւորել, իրեր կը նկարազարդէինք՝ հիմնուած Նիւ Եորքի ճանչցուած նշաններու վրայ: Կարող էինք շարունակել, եթէ Սպիտակի երկրաշարժը չըլլար, մեր հայեացքը ուղղուեցաւ դէպի Հայաստան, մեր միտքերը, մտածումները քիչ մը փոխուեցան:

 

-Իսկ այդ նկարազարդուած իրերը ի՞նչ կ՚ընէիք:

Կը վաճառէինք հիմնականը, կը նուիրէինք, եւ ամենամեծ ուրախութիւնը կ՚ապրէինք՝ ատոնք բաց շուկաներ տանելով եւ հոն ցուցադրելով, վաճառելով: Մենք նկարչական ձեռնարկատիրութեան ուղղութիւնը բռնած էինք, բայց գաղափար չունէինք, թէ այդ պիզնըսը ինչպէ՛ս պիտի քալէր, մերը չէր, չշարունակեցինք… Եւ առհասարակ, մէկ բանի մէջ երկար չէինք կրնար մնալ, պիտի փոխէինք, ուրիշ բան մը ընէինք: Յետոյ սկսանք բնութենէն գտած փայտերէ աշխատանքներ ստեղծել: Գետի ջուրերուն մէջ փայտերը ձեւեր կը ստանային, մենք կը վերցնէինք ատոնք, կը համադրէինք, պատկերներ կը ստանայինք: Չէինք քանդակեր, չէինք տաշեր, այլ՝ կը գտնէինք ըսենք թէ թռչունի նմանող փայտ մը, յետոյ գլուխը կը գտնէինք, ոտքերը, կը միացնէինք…

 

-Ուրիշ ի՞նչ շարքեր ունիք ստեղծած:

Մեր ստեղծագործական շարքերէն մին կը կրէ «ԱրաԱրտ» անունը. այնքան կարօտած էինք Հայաստանը, որ ամէն ինչ մեր աչքին Արարատ սարը կ՚երեւէր եւ Արարատի նմանցնելով զանազան պատկերներ՝ ստեղծեցինք մեր կարօտի Արարատը: Քիչ մը հիւմորով, բայց անսահման սիրով եւ յարգանքով ստեղծած ենք «ԱրաԱրտ» շարքը՝ ցոյց տալով, որ Արարատը նաեւ ժպիտ կարող է բերել, ինչո՞ւ անպայման ողբերգութեամբ նայիլ:

Նիւ Եորքի մէջ 2000-ականներուն ստեղծած ենք «Քրոսթաուն» անունով գործերը: «Քրոսթաուն» մէկ կողմէ «խաչերու քաղաք» իմաստը ունի, միւս կողմէ՝ քաղաքի մէկ կողմէն միւսը երթալը «քրոսթաուն» կը կոչուի: Այդ շարքի մեր գործերը ցուցադրուեցան Նիւ Եորքի նշանաւոր «St. John the Divine» եկեղեցույ մէջ, շատ լաւ ընդունելութիւն գտան:

 

-Հայաստանի մէջ ձեր նկարները ներկայացուցիք միայն անկախութենէն շատ տարիներ յետոյ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ վերադարձը:

Անկախութենէն յետոյ մեր առաջին ցուցահանդէսը Երեւանի «Արթպրիճ»ի մէջ բացած են մեր ընկերները՝ 2000-ականներու սկիզբը, մենք Նիւ Եորք էինք, իրենք հոս ցուցադրած են եւ տեսանք, որ ընդունելութիւն գտան աշխատանքները ու այդպէս միշտ միտք կար գալ եւ Հայաստանի մէջ ցուցահանդէսներ բանալ, գործեր ընել: 2021 թուականին մարզահամերգային համալիրի մէջ մեր խառն աշխատանքներէն ցուցահանդէս մը սարքեցինք, 2022-ին Երեւանի Արցախի ներկայացուցչութեան մէջ ուրիշ ցուցահանդէս մըն ալ ունեցանք, որ Արցախի նիւթը կը ներկայացնէր միայն:

Մենք կարծես աւելի շատ հաճոյք կը ստանանք նկարելու ընթացքէն, քան՝ ցուցահանդէսէն, չնայած, շատ մեծ ցանկութիւն կայ մեր հաւաքածոյէն մանաւանդ մէկը՝ «Art-boxes» անունով, անպայման ցուցադրել, եւ ոչ միայն՝ Հայաստանի մէջ:

 

-Ինչի՞ մասին է ատիկա:

2002-2012 թուականներուն մենք սկսանք «Art-boxes» շարքին, որ նուիրուած է բոլոր յայտնի համաշխարհային նկարիչներուն: Այդ շարքի մէջ կրկին զաւեշտ կայ, կայ պատմութիւն, յօրինուածք, միտք… Առած ենք դրուագներ նշանաւոր նկարիչներու կեանքէն եւ գծած. օրինակ, գծած ենք նկարիչ Մաթիսը, արդէն մեծցած, հազիւ կը շարժի, բայց երկար վրձին մը ունի եւ նստած տեղէն պատերուն կը նկարէ: Փիքասոյի, Տալիի մասին նկարներ ունինք: Սեզանը գծած ենք, որ միշտ պտուղներ կը նկարէր, եւ մենք մտածեցինք՝ ի՞նչ կ՚ընէր ան այդ պտուղները գծելէ յետոյ, անուշ, պտղաջուր կը շինէ մեր երեւակայութեամբ եւ մենք ատիկա գծեցինք: Այդ գործերը չենք ցուցադրած, բայց շատ կը փափաքէինք, քանի որ մինչեւ օրս այդ շարքը կը համալրուի: Կ՚ուզենք ատիկա իբրեւ հաւաքածոյ ցուցադրել, որովհետեւ համամարդկային արժէքներ կան եւ համաշխարհային նկարիչներու մասին են, թէ՛ եւրոպացին կը հասկնայ, թէ՛ ճաբոնցին:

 

-Հիմա համակարգիչը, խելախօս սարքերը, արհեստական բանականութիւնը փոխարինելու եկած են ձեռքի, մտքի ստեղծագործութիւններուն: Այդ առումով ցաւալի՞ չէ ձեզի համար, որ այն, ինչ դուք երկար չարչարուելով ձեռքով կ՚ընէք՝ համակարգիչը արագ կ՚ընէ իր ծրագիրներով:

Այո՛, այդպէս է: Մենք երթալէն անցեալին պիտի պատկանինք, մեր մասնագիտութիւնը կը դառնայ անցեալ, ցաւօք, կարող է նոյնիսկ կամաց-կամաց վերանալ: Մեր որոշ գործերու ժամանակ մենք ալ դիմած ենք այ-փետի օգնութեան, որոշ բաներ կատարած ենք այդ սարքով:

 

-Մեծ ընդունելութիւն գտաւ նաեւ Քովիտի շրջանին ձեր ստեղծած մէկ շարքը, որ նուիրուած էր Երեւանի արձաններուն: Այդ միտքը ինչպէ՞ս ծագեցաւ:

Քովիտի ժամանակ փողոցները պարապ էին, մենք Երեւանի մեր ընկերներուն հետ կը խօսէինք, կ՚ըսէին՝ հոս ալ մարդ չկայ փողոցներու մէջ, մենք ալ որոշեցինք քաղաքի արձանները մեր երեւակայութեամբ «հանել» իրենց տեղերէն եւ «քալեցնել» Երեւանի փողոցներու մէջ: Նկարեցինք նշանաւոր արձանները՝ զանազան իրավիճակներու մէջ. օրինակ՝ Սպենդիարեանի ու Թումանեանի արձանները Օփերայի բակը սեղանախաղ մը կը խաղան, հաց կը կիսեն, Սայաթ-Նովան, Արամ Խաչատուրեանն ու Կոմիտասը՝ փողոցը կը նուագեն եւ այսպէս շարունակ:

 

-Ձեր ամենազգայուն ստեղծագործութիւնը, անշուշտ, արցախեան շարքն է, որ նոյնքան տարածում եւ ընդունելութիւն գտաւ, որքան՝ մօտ յիսուն տարի առաջ նկարուած «Գտնուած երազ»ը: Ինչպէ՞ս սկսաք այդ շարքին:

Պատերազմի ժամանակ ամէն մարդ իր պայքարը կը մղէր, մենք ալ մեր պայքարը այդ կերպ առաջ կը տանէինք: Քիչ մը անհաւատալի բան մը կայ, բայց մենք արցախեան նիւթով մեր առաջին գործը թողարկեցինք պատերազմէն ժամեր առաջ՝ առանց գիտնալու, որ շուտով պատերազմ պիտի սկսի: Գուցէ այդ ալ արուեսագէտի նախազգացումն էր, ո՜վ գիտէ: 44 օր մենք ամէն օր նկարած ենք պատկերաշարէն նկար մը, թէ ինչպէ՛ս արձանի պապիկը պատերազմի դաշտն է, իսկ մեծ մայրիկը՝ կենցաղի մէջ, անոնք երկուքն ալ կը պայքարին, մէկը կը կռուի, միւսը զինուորներուն համար հաց կը թխէ, զանազան դիպուածներով կը գործեն: Յետոյ նկարած ենք իրենց վերադարձը պատերազմի աւարտէն ետք, թէ ինչպէ՛ս կը մաքրեն, կը վերակառուցեն Արցախը: Այս շարքի նկարներուն արձագանգը այնքան մեծ էր, որ մենք չդադրեցուցինք եւ շրջափակման օրերուն ալ արդէն այդ նիւթով կը ստեղծագործէինք՝ կրկին գլխաւոր հերոսներ ունենալով յուշարձանի մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը: Ի հարկէ, ատրպէյճանցիներն ալ կարձագանգէին՝ ոչ դրական լոյսի ներքոյ, բայց մենք հասկցանք, որ ճիշդ հարուածներ տուած ենք, որ անոնք ալ իրենց կարգին անհանգիստ եղած են…

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս