Մերձաւոր Արեւելքով թռիչքներու չեղարկման հետեւանքով այս պահի դրութեամբ Քաթարի մէջ կը գտնուի 21 ՀՀ քաղաքացի, այդ շարքին` 8 ուսանող եւ 8 մարզիկ, որոնց հետ Տոհայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կապ կը պահպանէ:
ԱԳՆ մամուլի խօսնակը յայտնած է, որ կը նախատեսուի ՀՀ մարզիկներու վերադարձը ՀՀ Սէուտական Արաբիոյ ճանապարհով, ուսանողներու համար կը դիտարկուին այլ տարբերակներ: