Տանըլտ Թրամփ Truth Social-ի իր էջին գրած է, որ Հորմուզի նեղուցի սահմանափակումէն տուժած բազմաթիւ երկիրներ ռազմական նաւեր պիտի ուղարկեն՝ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ ջանքերով նեղուցը բաց եւ անվտանգ պահելու համար։
«Յոյս ունինք, որ Չինաստան, Ֆրանսա, Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Մեծն Բրիտանիա եւ այլ երկիրներ նաւեր պիտի ուղարկեն։ Մինչ այդ Միացեալ Նահանգները պիտի ռմբակոծէ Իրանի ափամերձ գիծը եւ պիտի խոցէ իրանական նաւերը։ Շուտով պիտի բանանք Հորմուզի նեղուցը»,– մանրամասնած է ԱՄՆ նախագահը։