image

Նորա Յովսէփեան Արժանացաւ Լոս Անճելըս քաղաքի «Ազդեցիկ կին» մրցանակին (Լուսանկար)

Նորա Յովսէփեան  Արժանացաւ  Լոս  Անճելըս քաղաքի «Ազդեցիկ կին» մրցանակին (Լուսանկար)

Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «Ազդեցիկ Կիներ» մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի եւս ուշադրութեան կեդրոն դարձուց այն դէմքերը, որոնք տարիներ շարունակ իրենց գործունէութեամբ ծառայած են հանրային բարիքին։ Մեծարուած անձերուն շարքին առանձնայատուկ տեղ գրաւեց համայնքային իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, որ իր երկարամեայ աշխատանքով համախմբած է արդարութեան համար պայքարը, համայնքային ծառայութիւնը եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ դառնալով Լոս Անճելըսի հայ համայնքի ազդեցիկ եւ յարգուած ձայներըն մէկը։

Նշենք, որ  համանուն մրցանակին տիրացած է նաեւ  իրաւաբան  Նաթալի Սամարճեան։

Ուշագրաւ այս առիթին մասին  «Արեւելք» իմացաւ  Լոս Անճըլըսի մեր պաշտօնակից՝ Ասպարէզէն։

Ստորեւ  կատարուած լրատւութիւնը իր ամբողջական տարբերակով։

6 Մարտին, Լոս Անճելըս քաղաքի Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովին կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ քաղաքի «Ազդեցիկ Կիներ» մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը։

Քաղաքին կողմէ այս տարի մեծարուած կիներուն շարքին էին համայնքային իրաւունքներու պաշտպաններ եւ ղեկավարներ Նորա Յովսէփեան եւ Նաթալի Սամարճեան։

 

 

Իրաւաբան Նորա Յովսէփեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ջատագոված է արդարութիւն եւ իր ժամանակը տրամադրած է համայնքին ծառայելու ջանքերուն։ Իր ասպարէզին ընդմէջէն եւս, ան նեցուկ կանգնած է յատկապէս բժշկական սխալներու զոհերուն։ Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու թոռնիկ, ան պայքարած է նաեւ պաշտպանելու համար հայութեան եւ հայ համայնքին իրաւունքները, քանի մը շրջաններով ստանձնելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ատենապետի պաշտօնը։ Ան նպաստած է այլ համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքին եւ HyeVotes արշաւին միջոցաւ առաւել քան 50,000 հայորդիներ քուէարկելու համար արձանագրուած են իր պաշտօնավարութեան օրերուն։

Նշենք, որ 2015ին, Յովսէփեան նաեւ իբրեւ «Տարուան Կինը» մեծարուեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին կողմէ, իսկ 2022ին ան մաս կազմած էր Լոս Անճելըսի նորընտիր  քաղաքապետի պաշտօնի փոխանցման խմբակին։

Իրաւաբան Նաթալի Սամարճեան նախագահն է Coro California հաստատութեան, որուն նպատակը ժողովրդավարական սկզբունքները ամրապնդելն է՝ պատրաստելով կարող ղեկավարներ, յատկապէս փոքրամասնութիւններուն մէջ։

Սամարճեանի ղեկավարութեան տակ, հաստատութիւնը ռազմավարական նոր ծրագիր մը որդեգրած է, ընդարձակած է իր ծրագիրները եւ այլ կազմակերպութեան մը հետ գործակցութիւնը, նպաստելով շարք մը համայնքներու բարգաւաճման ջանքերուն։

Ան նախապէս եղած է Քալիֆորնիոյ կիներու իրաւական կեդրոնի աշխատակից, հասնելով օգնութեան կարօտ աղջիկներու եւ կիներու իրաւական կարիքներուն, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է Լոս Անճելըս գաւառի իրաւական ծառայութիւններու անձնակազմին։ Ան վկայուած է UCLA-էն։