image

Լիբանանի նոր ճգնաժամը․ Շուրջ 1.000.000 տեղահանուած

Լիբանանի նոր ճգնաժամը․ Շուրջ 1.000.000 տեղահանուած

Իսրայէլեան պատերազմին հետեւանքով Լիբանանի մէջ ներքին տեղահանուածներու թիւը օրէցօր զգալի կերպով կ՚աճի։ Անոնց թիւը արդէն անցած է 822 հազարը եւ գրեթէ ամէն ժամ կը շարունակէ բարձրանալ։

Հարաւային Լիբանանէն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն եւ Պեքաայէն  փախուստի դիմած այս մարդիկը ներկայիս հիմնականօրէն կը բնակին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ, սահմանափակ թիւ մը կը շարժի դէպի հիւսիս։ Արդիւնքով՝ մեծ մարդկային զանգուած մը, որուն մեծ մասը շիիթ համայնքէն է, կեդրոնացած է սահմանափակ աշխարհագրական տարածքի մը մէջ, ինչ որ կը ծանրաբեռէ արդէն սահմանափակ ենթակառուցուածքներն ու միջոցները։

 Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Հանրային Աշխատանքներու եւ Փոխադրութեան նախարարութիւնը առաջիկայ ժամերուն պիտի ապահովէ փոխադրամիջոցներ Պէյրութէն դէպի հիւսիս, որպէսզի դիւրացնէ տեղահանուածներու տեղափոխումը դէպի այնտեղ պատրաստուած կեդրոններ։

Տասնեակ հազարներ՝ դպրոցներու մէջ

Պետական դպրոցները վերածուած են կացարաններու՝ տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներու համար։ Միաժամանակ քանի մը մարզական համալիրներ ալ պատրաստուած են ընդունելու նոր տեղահանուածներ, որոնցմէ ոմանք տակաւին կը մնան փողոցներուն վրայ, յատկապէս Պէյրութի կեդրոնը եւ Այն Մրայսէ շրջանը։

Ըստ «Ալ-Շարք ալ-Աուսաթ» թերթին ՝ Պէյրութի Մարզական Քաղաքը, որ քանի մը օր առաջ պատրաստուած էր որպէս կացարան, արդէն կը հիւրընկալէ աւելի քան 800 տեղահանուած, թէեւ այն կը պատրաստուի ընդունելու մինչեւ 3000 հոգի։

Յայտնի է նաեւ, որ իրենց տուները լքած շատ մը ընտանիքներ կը մնան ազգականներու մօտ՝ համեմատաբար ապահով շրջաններու մէջ, կամ ալ կը վարձակալեն  բնակարաններ՝ չափազանց բարձր գիներով։

816 հազար տեղահանուած

Աղէտներու վտանգի կառավարման միաւորին վերջին զեկոյցին համաձայն՝ կառավարական հարթակին վրայ գրանցուած տեղահանուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 816 հազարի։ Անոնցմէ շուրջ 126 հազարը կը գտնուին 590 կացարաններու մէջ։

«Միջազգային Տեղեկութիւններ» հաստատութեան հետազօտող Մոհամմատ Շամս էլ-Տին կը նշէ, որ շուրջ 90 հազար մարդ տակաւին տեղահանուած կը մնան 2024-ի պատերազմէն ի վեր։ Ան նաեւ կը յայտնէ, որ շուրջ 8 հազար լիբանանց   անցած են Սուրիա, իսկ 4 հազարը մեկնած են արտասահման։

Շամս էլ-Տինի համաձայն՝ ներկայիս տեղահանուածներուն շուրջ 80 տոկոսը կը գտնուին Պէյրութի եւ  Լեռնալիբանանի շրջաններուն մէջ։ Ան նաեւ կը յիշեցնէ, որ նախորդ պատերազմին առաջին օրերուն օդակայան կը հասնէին տասնեակ օդանաւեր, մինչդեռ այսօր կը սպասուի միայն երկու օդանաւու ժամանում։

Ան նաեւ կը նշէ, որ տեղահանուածներու մեծ մասը ֆինանսական միջոցներ չունի եւ կը սպասէ սահմանափակ անհատական նախաձեռնութիւններու օգնութեան, այն պարագային երբ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայութիւնը գրեթէ  դարձած է անտեսանելի։ 

Միջազգային օգնութիւնը սահմանափակ է

Մինչեւ այժմ միջազգային օգնութիւնը սահմանափակ մնացած է։ Եւրոպական Միութեան մարդասիրական օդային կամուրջի առաջին օդանաւը երեքշաբթի օրը հասաւ Լիբանան՝ բերելով երեխաներու համար օգնութիւն եւ դեղեր։ Ֆրանսայէն հասած է նաեւ 60 թոն օգնութիւն, իսկ ուրիշ բեռներ մուտք գործած են Յորդանանէն՝ ցամաքային ճանապարհով։

Կացարանները հասած են իրենց սահմանին

Միացեալ Ազգերու Փախստականներու Բարձր Յանձնակատարութիւնը մօտէն կը հետեւի իրավիճակին։ Հանձնակատարութեան խօսնակ Դալալ Հարպ կը նշէ, որ տեղահանուածներու իրական թիւը հաւանաբար աւելի բարձր է, քան կառավարական հարթակին վրայ գրանցուածը, որովհետեւ շատեր տակաւին չեն գրանցուած։

Ան կը բացատրէ, որ շատ տեղահանուածներ կը մնան բարեկամներու կամ ազգականներու մօտ, մինչ ուրիշներ շարունակ կը տեղափոխուին մէկ տեղէն միւսը՝ երբեմն ստիպուած գիշերելով իրենց ինքնաշարժներուն մէջ կամ փողոցներուն վրայ, որովհետեւ ապահով կացարան չեն գտած։

Հարպ կը յայտնէ նաեւ, որ կացարաններու 90 տոկոսը արդէն հասած է իր առաւելագոյն կարողութեան։ Ան կը նշէ, որ ճգնաժամի սրացման առաջին օրէն ի վեր ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակը   զօրաշարժի ենթարկած  է իր միջոցները՝ աջակցելու տեղահանուածներուն՝ լիբանանեան կառավարութեան ղեկավարութեամբ եւ տարբեր գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ։

Մինչ այժմ աջակցութիւն տրամադրուած է 65,278 տուժածներու՝ 280 կացարաններու մէջ։ Բաշխուած են շուրջ 174,976 օգնութեան հիմնական նիւթեր, ներառեալ ծածկոցներ, ներքնակներ, քնապարկեր, արեւային լապտերներ եւ ջուրի տարաներ։

Դէպի Սուրիա տեղափոխուողներ

Ինչ կը վերաբերի Սուրիա անցնող տեղահանուածներուն, Հարպ կը նշէ, որ ըստ սուրիական իշխանութիւններու՝ մինչեւ 9 մարտ Սուրիա հասածներու թիւը գերազանցած է 92 հազարը, որոնցմէ աւելի քան 84 հազար սուրիացիներ են, իսկ աւելի քան 8 հազար՝ լիբանանցիներ։

 

 Նիւթը համադրեց՝ «Արեւելք»ը օգտուելով արաբական մամուլի հրապարակումներէն