Կը մնայ պարզել, թէ Շէյխ Մըշաալի ջանքերը որքանով անդիւնք պիտի բերեն իշխանութիւն-ընդիմութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, որպէսզի երկրին մէջ ֆինանսական եւ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացուին, որուն արդիւնքով օտարները պիտի սկսին նոր ներդրումներ կատարել: Այս ամէնը կը պարզուի, երբ Քուէյթը կարենայ դիմագրաւել իր յաջորդ քաղաքական ճգնաժամը։
Քուէյթի կառավարութիւնը աշխատանքէ ազատած է ընկերային ապահովագրութեան, հանրային հաստատութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները։
Երկրի ղեկավարութիւնը խոստացած է բարեփոխութիւններ մտցնել պետական կառոյցներու մէջ։
Նախքան պաշտօնապէս յայտարարելը՝ կառավարութիւնը, ընկերային ապահովագրութեան գլխաւոր տնօրէն՝ Մըշաալ Ալ-Օսմանէն եւ անոր երեք տեղակալներէն պահանջած է հրաժարիլ իրենց պաշտօններէն, որոնք, ըստ աղբիւրին, հրաժարած են քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով։։
Այս քայլը դրական ընդունելութիւն գտած է հասարակութեան մօտ, յատկապէս այն պատճառով, որ 29 Սեպտեմբերին, Քուէյթի մէջ տեղի պիտի ունենան նոր օրէնսդրական ընտրութիւններ, եւ այդ պիտի ըլլայ նոր էջ մը, ուր գահաժառանգ Շէյխ Մըշաալ Ալ-Ահմատ Ալ-Սապահը պիտի ղեկավարէ նախապէս խոստացած՝ նոր, բարեփոխուած վարչակազմով։
Ընտրութիւններէն առաջ, գահաժառանգը զանազան քատրային փոփոխութիւններ կատարած է գործադիր իշխանութենէն ներս, զայն առաւելագոյնս ժողովրդավարական դարձնելով։
Կը մնայ պարզել, թէ Շէյխ Մըշաալի ջանքերը որքանով անդիւնք պիտի բերեն իշխանութիւն-ընդիմութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, որպէսզի երկրին մէջ ֆինանսական եւ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացուին, որուն արդիւնքով օտարները պիտի սկսին նոր ներդրումներ կատարել: Այս ամէնը կը պարզուի, երբ Քուէյթը կարենայ դիմագրաւել իր յաջորդ քաղաքական ճգնաժամը։
«Արեւելք» լուրը քաղած է «Ալ Նահար»էն