image

Ինչ զարգացումներ սպասել Քուէյթի մէջ

 Ինչ զարգացումներ  սպասել Քուէյթի մէջ

 

Կը մնայ պարզել, թէ Շէյխ Մըշաալի ջանքերը որքանով անդիւնք պիտի բերեն իշխանութիւն-ընդիմութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, որպէսզի երկրին մէջ ֆինանսական եւ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացուին, որուն արդիւնքով օտարները   պիտի սկսին  նոր ներդրումներ կատարել: Այս ամէնը կը պարզուի, երբ Քուէյթը կարենայ դիմագրաւել իր յաջորդ քաղաքական ճգնաժամը։

 

Քուէյթի կառավարութիւնը աշխատանքէ ազատած է ընկերային ապահովագրութեան, հանրային հաստատութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները։

Երկրի ղեկավարութիւնը խոստացած է բարեփոխութիւններ մտցնել պետական կառոյցներու մէջ։

Նախքան պաշտօնապէս յայտարարելը՝ կառավարութիւնը, ընկերային ապահովագրութեան գլխաւոր տնօրէն՝ Մըշաալ Ալ-Օսմանէն եւ անոր երեք տեղակալներէն   պահանջած  է հրաժարիլ իրենց պաշտօններէն, որոնք, ըստ աղբիւրին, հրաժարած են քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով։։

Այս քայլը   դրական ընդունելութիւն գտած է  հասարակութեան մօտ, յատկապէս այն պատճառով, որ 29 Սեպտեմբերին, Քուէյթի մէջ տեղի պիտի ունենան նոր օրէնսդրական ընտրութիւններ, եւ այդ պիտի ըլլայ նոր էջ մը, ուր գահաժառանգ Շէյխ Մըշաալ Ալ-Ահմատ Ալ-Սապահը պիտի ղեկավարէ նախապէս խոստացած՝ նոր, բարեփոխուած վարչակազմով։

Ընտրութիւններէն առաջ, գահաժառանգը զանազան քատրային փոփոխութիւններ կատարած է  գործադիր իշխանութենէն ներս, զայն առաւելագոյնս ժողովրդավարական դարձնելով։

Կը մնայ պարզել, թէ Շէյխ Մըշաալի ջանքերը որքանով անդիւնք պիտի բերեն իշխանութիւն-ընդիմութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, որպէսզի երկրին մէջ ֆինանսական եւ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացուին, որուն արդիւնքով օտարները   պիտի սկսին  նոր ներդրումներ կատարել: Այս ամէնը կը պարզուի, երբ Քուէյթը կարենայ դիմագրաւել իր յաջորդ քաղաքական ճգնաժամը։

«Արեւելք» լուրը քաղած է «Ալ Նահար»էն