Իրանեան ընկերութիւնները մինչեւ յունուար 22-ը չեղարկած են բոլոր թռիչքները դէպի Սուրիա, քանի որ երկու երկիրներու միջեւ օդային հաղորդակցութիւնը համաձայնեցուած չէ Դամասկոսի նոր իշխանութիւններու հետ։
Այս մասին, յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիական օդագնացութեան կազմակերպութեան ղեկավար Հոսէյն Փուրֆարզանէն։
«Ներկայիս դէպի Սուրիա թռիչքներն արգիլուած են մինչեւ յունուար 22-ը »,-ըսած է Փուրֆարզանէն։
Ինչպէս նշած է կազմակերպութեան ղեկավարը, օդային հաղորդակցութիւնը վերսկսելու համար անհրաժեշտ է թոյլտւութիւն ստանալ նպատակակէտ երկրէն։