image

Qatar Airways-ը կը վերսկսի ամէնօրեայ թռիչքները դէպի ԱՄԷ եւ Սուրիա

Qatar Airways-ը կը վերսկսի ամէնօրեայ թռիչքները դէպի ԱՄԷ եւ Սուրիա

Քաթարի Qatar Airways օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է մայրաքաղաք Տոհայէն դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ Տուպայ եւ Շարժա ամէնօրեայ թռիչքներու վերսկսման մասին՝ սկսեալ ապրիլ 23-էն։

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ յղում ընելով X-ի վրայ ընկերութեան գրառման։

Մայիս 1-էն սկսեալ ամէնօրեայ թռիչքներ պիտի սկսին նաեւ դէպի Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս։

Աւելի վաղ Քաթարի քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութիւնը (QCAA) յայտարարած էր, որ արտասահմանեան օդանաւային ընկերութիւնները աստիճանաբար պիտի վերսկսին իրենց թռիչքները դէպի Քաթարի Համատ միջազգային օդակայան եւ այնտեղէն պիտի իրականացնեն թռիչքներ տարբեր ուղղութիւններով։

Քաթարի օդային տարածքին մէջ թռիչքներու սահմանափակումներ եւ արգելքներ սկսած էին Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի սկսած պատերազմէն ետք։