image

Դատախազութիւնը Սեդրակ Քոչարեանէն ու կնոջմէն կը պահանջէ բռնագանձել 14 անշարժ գոյք եւ 2.7 միլիառ դրամ

Դատախազութիւնը Սեդրակ Քոչարեանէն ու կնոջմէն կը պահանջէ բռնագանձել 14 անշարժ գոյք եւ 2.7 միլիառ դրամ

Դատախազութիւնը Սեդրակ Քոչարեանէն եւ կնոջմէն կը պահանջէ յօգուտ պետութեան բռնագանձել 14 անշարժ գոյք եւ 2.7 միլիառ դրամ 720 միլիոն դրամ՝ որպէս ապօրինի եկամուտի մնացորդ:

Այս մասին հաղորդած է «Լուրեր»ը:

Դատախազութիւնը նաեւ պահանջած է՝

Երեւան քաղաքի մէջ 1 բնակարանի գնման իրաւունք 

Իրաւաբանական անձի մէջ մասնակցութիւն՝ 11

1,361,852 ԱՄՆ տոլարով եւ 985,190,729 ՀՀ դրամով ձեռք բերուած պարտատոմսեր

703.059 ԱՄՆ եւ 200.000.000 ՀՀ դրամի չափով ներդրուած աւանդ

8,235,400,647 դրամի, 4,007,674 ԱՄՆ տոլարի, 588.954 Եւրոյի եւ 16.000.000 Ռուբլիի չափով տրամադրուած փոխառութեան պահանջի իրաւունք

2.721.319.175 ՀՀ դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող դրամական միջոցներու մնացորդ

11.270.472.767 ՀՀ դրամ՝ որպէս անձի օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող, ապօրինի ծագում ունեցող եւ բարեխիղճ ձեռքբերողներու փոխանցուած կամ չնոյնականացուած դրամական միջոցներու հանրագումար,

1.286.635.500 ՀՀ դրամ՝ որպէս Յունաստանի Միկոնոս կղզիի Անօ Մերա կոչուող տարածքին մէջ գտնուող առանձնատան ձեռքբերման (կառուցման) արժէք,

416.084.506 ՀՀ դրամ՝ որպէս թանզանական «Փլեյմասթըր կէյմինկ քորփորէյշն» ընկերութեան մասնակցութեան ձեռքբերման արժէք,

1.958.657.659 ՀՀ դրամ՝ որպէս թանզանական «ՄՄՃ Կոլտ Լիմիթըտ» ընկերութեան մասնակցութեան ձեռքբերման արժէք։