image

Դատական նիստին Հրայր Թովմասեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած է. նիստը յետաձգուած է

Դատական նիստին Հրայր Թովմասեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած է. նիստը  յետաձգուած է

Սահմանադրական դատարանի անդամ Հրայր Թովմասեանի գործով այսօրուան դատական նիստը տեղափոխուած է չորեքշաբթի՝ առաւօտեան 09:00-ին։ Վերջինս դատական նիստի ժամանակ անակնկալ առողջական խնդիր ունեցած է։

Յիշեցնենք, որ արդէն հինգերորդ օրն է, որ ան հանդէս կու գայ պաշտպանական ճառով։

Թովմասեանի եւ իր փաստաբաններու պնդմամբ, անոր մեղսագրուող արարքի հիմքը բացառապէս քաղաքական հետապնդումն է։