image

Մայիս 26-ին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենան որոշ հայ գերիներու վերաքննիչ բողոքներու հարցով դատական լսումները

Մայիս 26-ին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենան որոշ հայ գերիներու վերաքննիչ բողոքներու հարցով դատական լսումները

Տեղեկութիւն կայ, որ մայիս 26-ին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենան որոշ հայ գերիներու վերաքննիչ բողոքներու հարցով դատական լսումները: Այս մասին ըսած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպան, փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանը:

«Բաքւում պահուող 15 գերիներին վերաբերող դատավճիռներ են բողոքարկուել, բայց քանի որ գործել են հանրային պաշտպանները, որոնց նկատմամբ պատշաճ վստահութիւն չկայ, տեղեակ չենք, թէ ում բողոքն է վարոյթ ընդունուել, բայց կարծում ենք, որ դատավարութեան սկսուելուց յետոյ կը տեղեկանանք», մասնաւորապէս նշած է Սահակեանը։

Իրաւապաշտպանը նշած է նաեւ, որ ստեղծուած է իրավիճակ, որու մէջ մենք որեւէ հնարաւորութիւն չունինք հաւաստի տեղեկատւութիւն ստանալու։