Ռէբորթաժի ընթացքին MTV-ի լրագրող՝ Ալան Տըրղամ մասնաւորապէս նկատել կու տայ, որ հայերը միշտ ալ էական դեր խաղացած են Լիբանանի քաղաքական դաշտին մէջ, եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայերու ամէնէն յայտնի եւ կարեւոր կուսակցութիւնն է, եւ մասնաւորապէս երկրի արդի պատմութեան ընթացքին միշտ ալ ունեցած է ազգային ու ինքնիշխան կեցուածքներ: Եւ այսօր, այս բացառիկ պայմաններուն տակ, կուսակցութիւնը կրկին անգամ կը մղէ ընտրական դժուար եւ սակայն ճակատագրական պայքար լիբանանահայերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն համար:
Այսօր Լիբանանի ողջ տարածքին Խորհրդարանական ընտրութիւններ են։
Ինչպէս տարբեր համայնքներու, նոյնպէս ալ հայութեան մասին ուշագրաւ ռէբորթաժ մը պատրաստած է լիբանանեան MTV կայանը։
Կայանը, որ ինչպէս այլ համայնքներու, նոյնպէս ալ հայութեան պարագային անդրադարձած է ամէնէն տիրական քաղաքական ուժ համարուբղ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Ռէբորթաժի ընթացքին MTV-ի լրագրող՝ Ալան Տըրղամ մասնաւորապէս նկատել կու տայ, որ հայերը միշտ ալ էական դեր խաղացած են Լիբանանի քաղաքական դաշտին մէջ, եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայերու ամէնէն յայտնի եւ կարեւոր կուսակցութիւնն է, եւ մասնաւորապէս երկրի արդի պատմութեան ընթացքին միշտ ալ ունեցած է ազգային ու ինքնիշխան կեցուածքներ: Եւ այսօր, այս բացառիկ պայմաններուն տակ, կուսակցութիւնը կրկին անգամ կը մղէ ընտրական դժուար եւ սակայն ճակատագրական պայքար լիբանանահայերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն համար:
Ռեբորդաժին մէջ խօսք առնելով Ալիս Թիւթէլեան Պօղոսեան մասնաւորապէս կ'ըսէ,- «15 Մայիսը ընտրութիւններու օրն է: Ընտրութիւնը ինծի եւ իմ նման մտածողներուն համար պարտականութիւն է, պէտք է բոլորս երթանք ու քուէարկենք: Տունը նստելով եւ փոփոխութիւններու մասին խօսելով չենք կրնար բան մը ընել: Ինչպէս պիտի իրագործենք փոփոխութիւններ եթէ չքուէարկենք, եթէ մասնակից չդառնանք այս ընտրութիւններուն: Ճիշդ է, որ ընտրութիւններու այս ժամանակաշրջանը կարեւոր փուլ մըն է, բայց չի ներկայացներ Դաշնակցութեան կեանքի բոլոր հանգրուանները, Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն մը չէ, որ 4 տարի անգամ մը կը յայտնուի պատնէշին վրայ: Դաշնակցութիւնը ամէնօրեայ աշխատանք է, Դաշնակցութիւնը բոլոր հայկական դպրոցներն են, հայկական եկեղեցիները, հայ ակումբները: Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի ձայնն է»։
Իսկ այն հարցին թէ ինչու լիբանանահայ ընտրողը իր քուէն պէտք է տայ Դաշնակցութեան, Պօղոսեան պատասխանեց,-«Որովհետեւ ան այդ ձեւով կը քուէարկէ իրաւունքի ձայնին, կը քուէարկէ ճշմարիտ ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ կը քուէարկէ աւելի լաւ ապագայի համար»: