Նոյեմբեր 14-ին՝ ժամը 20:00-ին, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ժամը 22:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագիծին յարաբերականօրէն կայուն է: