image

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ. «Կողմ չեմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հեռացման»

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ. «Կողմ չեմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հեռացման»

Ես կողմ չեմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հեռացման եւ քննարկման ենթակայ չեմ համարեր այդ հարցը։ Այս մասին ըսած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը։

Երէկ բարձրաստիճան հոգեւորականներու անունով դիմումի գիր հրապարակուած է, որուն մէջ քանի մը արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ կը մեղադրէին Գարեգին Բ.-ն Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի «սրբապիղծ արարքը» կոծկելու մէջ, կը պնդեն, որ Վեհափառը «անհաւատարիմ գտնուած է կաթողիկոսական օծմամբ ստանձնած իր ուխտին» եւ կը պահանջէին անոր հեռացումը։ Աւելի ուշ անոնք գացած էին կառավարութիւն, հանդիպած վարչապետի հետ, Փաշինեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնած էր անոնց «հրապարակայնօրէն սկզբունքային դիրքորոշում արտայայտելու» համար։  

Դիմումի տակ առկայ էր նաեւ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի անունը, սակայն անոր ստորագրութիւնը կը բացակայէր։

«Չեմ դրած ստորագրութիւնս այդ դիմումի տակ, քանի որ նման հարցերը, իմ կարծիքով, պէտք է լուրջ քննարկումէ անցնին՝ ընդ որում եկեղեցիէն ներս, եւ ատկէ մեկնած կայացուին անհրաժեշտ որոշումները, իսկ այդ մէկը ժամանակ կը պահանջէ»,- հարցին ի պատասխան արձագանգած է Արմաշ Սրբազանը՝ ըսելով, որ յաւելեալ մեկնաբանութիւններ չուզեր ընել։

 

Լուրը՝ «NEWS.am»էն