Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանութեան աշխատակից սպանուած է:
Այս մասին յայտնած է Mehr գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Էսմայիլ Պաղային:
Խօսնակն ըսած է, որ ահաբեկիչները կրակ բացած են Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանատան տեղացի աշխատակից Սէյիտ Տավուտ Պիթարաֆի մեքենայի վրայ:
Ան նշած է, որ յանցագործութեան մեղաւորները բացայայտելու եւ պատժելու համար պատասխանատու է Սուրիոյ անցումային կառավարութիւնը։