Նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Գէորգեանը պարգեւատրած է «Սուրիական արժանեաց գերազանց կարգի շքանշան»-ով։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ սուրիական ԶԼՄ-ներէ։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուած տեղեկութիւնը՝
Այսօր, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեանը պարգեւատրեց «Սուրիական արժանեաց գերազանց կարգի շքանշան»-ով, որպէս գնահատանք Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման իր բերած նպաստին։
Շքանշանը դեսպանին շնորհեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասսամ Սապպաղ։