image

COAF-ը միշտ առաջատար. Արցախի համար հանգանակուած է 125 հազար Ամերիկեան Տոլար

 COAF-ը միշտ առաջատար. Արցախի համար հանգանակուած է 125  հազար Ամերիկեան  Տոլար

 

  Իր հիմնադիր, մեր հայրենակից՝ Կարօ Արմէնի անդուլ ճիգերուն շնորհիւ ՝ Children of Armenia կազմակերպութիւնը կը շարունակէ նիւթական կարեւոր աջակցութիւն ցոյց տալ մասնաւորապէս ՝Արցախին։

 Ուշագրաւն այն է, որ հակառակ հայկական բոլոր դաշտերուն մէջ ծանր պատերազմին հետեւանքով երեւելի դարձած յուսահատութեան մեծ մթնոլորտին կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ։ 

 Այս առումով ալ օրերս ԱՄՆ-ի մէջ իրականացուած է մեծ նուիրահաւաք, որուն արդիւնքով ալ հաւաքուած է 125  հազար ամերիկեան  տոլար, որուն կարեւորագոյն մասը պիտի յատկացուի Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին։

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին ամփոփ լրատւութիւնը։

 

21 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ, COAF) տարեկան 12րդ ամառնային դրամահաւաքի ձեռնակը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ 125,000 միլիոն տոլար գոյացնել՝ ի նպաստ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ մանուկներու եւ ընտանիքներու աջակցութեան կեդրոն մը հաստատելու նախաձեռնութեան:

 

 Լուսանկարին մէջ ՝ձախէն աջ՝ ՔՈԱՖի վարչութեան անդամ Տիրան Ճէպէճեան, Միլենա Անթոյեան եւ ՔՈԱՖի զարգացման հարցերու վարիչ Հայկ Պոյաճեան

Այս գումարը պիտի գայ աւելնալու բարերարներ Վիքթոր Ծառուկեանի եւ Ճիւտիթ Սարեանի նախապէս խոստացած 150,000 ամն տոլարին, օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար հոգեկան եւ ընկերային հարցեր դիմագրաւող արցախցիներուն։

 

«Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամը առաւել քան 20 նման կեդրոններ հաստատած է Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ՝ աջակցելեվ հոգեբանական խնամքի կարօտ աւելի քան 6500 մանուկներու։

 

Նշեալ հաւաքը, որուն մասնակցեցան շուրջ 225 անձեր, առաջին ֆիզիքական հաւաքն էր համաճարակին պատճառով վերջին տարիներուն ջնջուած հաւաքներէն ետք, որոնց փոխարէն առցանց դրամահաւաքներ իրականացուեցան։

 

Դրամահաւաքին նուէրներ յատկացնելով աջակցեցան «Թաքորի» եւ «ՈւէրԱրմէնիա» հաստատութիւնները, իսկ ներկաները վայելեցին «Սթորիքա»ի նուիրած գինիները։

 

 

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Արենիէն այս նպատակով ժամանած 20-ամեայ Միլենա Անթոյեան, որ շրջանաւարտ մըն է ՔՈԱՖի շարք մը դաստիրակչական ծրագիրներէն։

 

2004էն ի վեր, ՔՈԱՖնը աշխատանք կը տանի բարձրացնելու Հայաստանի գիւղաբնակներու կեանքի որակը, համայնքային զարգացման մանկակեդրոն շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Ցարդ, կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ համայնքներու համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներու նորոգութեան ծրագիրներ իրականացուած են Հայաստանի Արմաւիրի, Արագածոտնի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու 64 համայնքներու մէջ. անոնցմէ օգտնուած են առաւել քան 107,000 բնակիչներ: 2015-ին ՔՈԱՖը սկսաւ մշակել եւ արդէն կ՛իրագործէ նոր տեսլական մը՝ ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը, որ կրթութեան միջոցով յառաջխաղացում կ՛ապահովէ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն համար: