image

Չինաստանի պահանջը ԱՄՆ-էն. Դադրեցնել դէպի Թայուան զէնքի մատակարարումը

Չինաստանի պահանջը   ԱՄՆ-էն. Դադրեցնել  դէպի Թայուան զէնքի մատակարարումը

Փեքինը Ուաշինկթընէն կը պահանջէ անյապաղ չեղարկել Թայփէյին ամերիկեան սպառազինութիւն վաճառելու ծրագիրը եւ կը պահանջէ դադրեցնել Թայուանի եւ ԱՄՆ-ի զինուորականներուն միջեւ որեւէ կապ: Այս մասին յայտնած է Չինաստանի ՊՆ պաշտօնական ներկայացուիչ Ու Ցեանը:

Աւելի վաղ ԱՄՆ վարչակազմը հաւանութիւն տուած էր Թայուանի հետ 100 միլիոն տոլարի գործարքին` ուղղուած Patriot զենիթահրթիռային համալիրներու սպասարկման:

«Աշխարհի մէջ կայ միայն մէկ Չինաստան, իսկ Թայուանը կը հանդիսանայ Չինաստանի տարածքի անքակտելի մասը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

ՊՆ ներկայացուցիչը կոչ ըրած է դադրելու անջատողական ուժերուն ազդանշաններ ուղղելէ, որոնք հանդէս կու գան Թայուանի անկախութեան օգտին: Նման կոչ կը կատարուի` Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի զինուած ուժերու յարաբերութիւններուն համար լուրջ հետեւանքներէ խուսափելու, ինչպէս նաեւ Թայուանի ծոցին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան համար:

Կը նշուի, որ ԱՄՆ-ի սպառազինութեան վաճառքը Թայուանին կը հանդիսանայ Չինաստանի ներքին գործերուն կոպիտ միջամտութիւն, ինչի հետ կապուած չինական կողմը յայտնած է վճռական բողոք եւ խիստ նկատողութիւն: