image

Իրանի նկատմամբ տնտեսական ճնշումը պայքարի ամենաարդիւնաւէտ միջոցն է. Վենս

Իրանի նկատմամբ տնտեսական ճնշումը պայքարի ամենաարդիւնաւէտ միջոցն է. Վենս

Իրանի նկատմամբ տնտեսական ճնշումը պայքարի ամենաարդիւնաւէտ միջոցն է։ Այս մասին «Քլէյ Թրեւիս եւ Պաք Սեքսթըն շոու»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս։

«Մենք հիմա, կարելի է ըսել, նոր փուլի մէջ ենք, ուր մեր ունեցած ամենաարդիւնաւէտ գործիքը տնտեսական ճնշումն է, որ կրնանք գործադրել անոնց վրայ։ Եւ ասիկա նուրբ հարց է, որովհետեւ եթէ մենք տնտեսական ճնշում գործադրենք անոնց վրայ, անոնք պիտի փորձեն տնտեսական ճնշում գործադրել մեր վրայ»,– ըսած է Վենս։

 

Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ վերջին երկու շաբաթները ցոյց տուած են, որ Թեհրանը շատ աւելի մեծ ճնշում կը զգայ, քան Միացեալ Նահանգները։

«Մենք պիտի շարունակենք այդ ընել, որովհետեւ կը կարծեմ, որ ասիկա, ի վերջոյ, վերջնական նպատակին հասնելու լաւագոյն միջոցն է»,– ըսած է Վենս՝ այդ նպատակը բնորոշելով որպէս Իրանի միջուկային զէնք չունենալը։

Վենսի խօսքով՝ Իրանի միջուկային կառոյցները ոչնչացուած են, եւ այժմ Միացեալ Նահանգները կը փորձէ տեղւոյն վրայ ստեղծել այնպիսի իրողութիւն, որ Իրանը երբեք չփորձէ վերակառուցել այդ կարողութիւնները։

 

«Մենք կը փորձենք տեղւոյն վրայ ստեղծել փոփոխուած իրողութիւն, ուր կրնանք ոչ միայն վստահօրէն ըսել, որ անոնց կառոյցները ոչնչացուած են, այլեւ վստահութեամբ ըսել, որ անոնք երբեք պիտի չփորձեն վերականգնել զանոնք։ Եւ ասիկա այն փուլն է, որուն մէջ մենք հիմա կը գտնուինք»,– ըսած է Վենս։

Միեւնոյն ժամանակ ան խոստովանած է, որ «նաւթի գիները, ակնյայտօրէն, բարձրացած են, եւ մարդիկ այդ կը տեսնեն լիցքաւորման կայաններուն մէջ»։ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը միաժամանակ ընդգծած է, որ վառելանիւթի գիները իրենց բարձրագոյն մակարդակէն զգալիօրէն նուազած են, որովհետեւ, հակառակ առեւտրական նաւերու դէմ իրանական հարուածներուն, յաջողած են բաւարար քանակութեամբ նաւթ եւ կազ դուրս բերել Հորմուզի նեղուցէն։

Վենսի խօսքով՝ իրանական կողմը կը փորձէ փակել նեղուցը, իսկ Ուաշինկթընի խնդիրն է ոչ միայն վերականգնել իրավիճակը, այլեւ ապահովել նաւթի եւ կազի բաւարար մատակարարումներ՝ ամերիկացիներու համար վառելանիւթի գիները նուազեցնելու համար։

 

Իր հերթին, Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսընթ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն Իրանի դէմ պիտի կիրառէ «պատմութեան մէջ ամենախիստ պատժամիջոցները»՝ կեդրոնանալով տնտեսական միջոցառումներու վրայ, որոնք, անոր կարծիքով, պիտի նուազեցնեն Թեհրանի դէմ նոր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը։