image

Չաւուշօղլու. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան շտապ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է կնքեն»

Չաւուշօղլու. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան շտապ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է կնքեն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ռուս գործընկերոջ՝ Սերգէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է, որ Թուրքիան անհրաժեշտ կը համարէ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ շտապ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի, տեղեկացուցած է ԹԱՍՍ-ը։

«Մենք քննարկած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը։ Մենք կողմ ենք, որ շտապ խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի երկու երկիրներու միջեւ։ Պիտի շարունակենք խորհրդակցութիւններն այդ հարցով, այդ շարքին՝ Ռուսիոյ հետ»,-ըսած է ան։