image

Ցամաքային ճանապարհ մինչեւ... Իգտիր. Էրտողան անդրադարձած է Սոչիի հանդիպման

Ցամաքային ճանապարհ մինչեւ... Իգտիր. Էրտողան անդրադարձած է Սոչիի հանդիպման

Սոչիի եռակողմ հանդիպումը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ, արդիւնաւէտ անցած է, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը, մանրամասնելով, թէ այդ մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է իրեն Ատրպէյճանի նախագահը՝ Աշխապատի մէջ Նոյեմբեր 28-ին տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ։

«Արազի (Արաքս) երկայնքով երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու ճանապարհներ կառուցելու հարցը լուծուած է։ Օրակարգին վրայ է մայրուղիի կառուցումը, որ կ'անցնի Հայաստանի տարածքով եւ Նախիջեւանով՝ հասնելով մինչեւ թրքական Իգտիր», ըսած է Էրտողան, ընդգծելով, թէ այդ նախագիծերով կողմերը կարեւոր քայլ մը կ'ընեն տարածաշրջանի ուղեւորներու փոխադրումներու եւ բեռնափոխադրումներու զարգացման համար։

Էրտողան խօսած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ առաջ քաշուած «3+3» հարթակի մասին։

«Այս ձեւաչափի աշխուժացումը՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Իրանի, եւ եթէ համաձայնին՝ նաեւ Վրաստանի մասնակցութեամբ, կ'ապացուցէ, որ տարածաշրջանային խաղաղութիւն կայ։ Մենք կը տեսնենք, որ այդ ուղղութեամբ կան դրական քայլեր», ըսած է ան։

Վրաստանը պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ դէմ է այս ձեւաչափին՝ Ռուսաստանի մասնակցութեան պատճառով։ Պաշտօնական Երեւանը դեռ վերջնական դիրքորոշում չէ յայտնած։