ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կը շարունակէ իր ձեռնարկած անվճար ծառայութիւններու արշաւը, որուն երկրորդ փուլը եղած է Թրիփոլիի շրջանը: Օրերս, բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելած է Թրիփոլի եւ տեղւոյն «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի կեդրոնէն ներս կատարած բժշկական անվճար քննութիւններ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը շարունակեց իր ձեռնարկած անվճար ծառայութիւններու արշաւը, որուն երկրորդ փուլը եղաւ հեռաւոր Թրիփոլիի շրջանը:
Ուրբաթ, 12 յուլիս 2024-ին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Թրիփոլի եւ տեղւոյն «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի կեդրոնէն ներս կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:30:
Առողջապահական օրը վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ կեդրոնին տնօրէնութեան կողմէ` գործակցաբար ԼՕԽ-ի տեղւոյն «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Արդարեւ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկը, հիւանդապահուհիներն ու ընկերային ծառայողները ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի ակումբին մէջ ընդունեցին ներկայացող պարագաները եւ առողջապահական խնամք մատուցեցին անոնց: Կատարուեցան ընդհանուր մարմինի, արեան ճնշումի եւ շաքարի քննութիւններ, որոնց արդիւնքներու լոյսին տակ յառաջիկայ օրերուն պիտի կատարուին համապատասխան հետապնդումներ: Կեդրոնի ընկերային ծառայողները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցին նաեւ քննուող պարագաներուն հոգեկան առողջութեան, ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրեցին դեղորայք եւ ակնոցներ:
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկն ու ընկերային ծառայողները կատարեցին նաեւ տնային այցելութիւններ` շրջանին մէջ բնակող տարեցներու:
Յիշեալ նախաձեռնութիւնը, ՀՅԴ կոմիտէներու եւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու հետ գործակցաբար, յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի շարունակուի նաեւ հայաշատ հեռակայ այլ շրջաններու մէջ: Ուրբաթ, 19 յուլիսին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւնը իր անվճար ծառայութիւնները պիտի մատուցէ Զահլէի հայութեան: