image

Բոլոր խաղաթուղթերը մեր ձեռքն են. Տանըլտ Թրամփ

Բոլոր խաղաթուղթերը մեր ձեռքն են. Տանըլտ Թրամփ

«Բոլոր խաղաթուղթերը մեր ձեռքն են, Իրանը ոչինչ ունի»։ Այս մասին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրած է Truth Social-ի էջին վրայ՝ անդրադառնալով Ուիթքոֆի եւ Քուշների այցը Պաքիստան չեղարկելուն։

«Ես դեռ նոր չեղարկեցի իմ ներկայացուցիչներուս այցելութիւնը Իսլամապատ, ուր անոնք պէտք է հանդիպէին իրանցիներուն հետ։ Չափազանց շատ ժամանակ կը վատնուի ճամբորդութիւններուն վրայ, չափազանց շատ աշխատանք կայ։ Բացի այդ՝ անոնց ղեկավարութեան միջեւ ահռելի ներքին պառակտում եւ շփոթութիւն կը տիրէ։ Ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛վ է պատասխանատուն, նոյնիսկ՝ իրենք։ Նաեւ՝ բոլոր խաղաթուղթերը մեր ձեռքն են, անոնք ոչինչ ունին։ Եթէ կ՚ուզեն խօսիլ, միակ բանը, որ պէտք է ընեն՝ պարզապէս հեռաձայնելն է»,– գրած է Թրամփը։