image

Բոլոր բացուելիք ճանապարհները պէտք է ըլլան այդ երկիրներու ինքնիշխանութեան տակ. Արարատ Միրզոյեան

 Բոլոր բացուելիք ճանապարհները պէտք է ըլլան այդ երկիրներու ինքնիշխանութեան տակ. Արարատ  Միրզոյեան

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային սեղանին մի քանի ուղղութիւններ կան, որոնցով ունինք որոշակի յառաջընթաց, կան ուղղութիւններ, ուր դեռ կը փորձենք հասկնալ այն հնարաւոր կէտերը, ուր դիրքորոշումները կարող են կամ հնարաւորութիւն ունին համընկնելու: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

 Ինչ կը վերաբերի սահմանազատում–սահմանագծում քայլերուն, ապա Արարատ Միրզոյեան ըսաւ, որ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով ուղղութեամբ արդէն որոշակի յառաջընթաց կայ, նկատի ունենալով երկու երկիրներու փոխվարչապետներու հանդիպումն ու ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնը` միւս հանդիպումը կազմակերպել Մոսկուայի մէջ: 

«Միւս ուղղութիւնը փոխադրական եւ տնտեսական ենթակառուցուածքների բացման մասին է,  այստեղ եւս որոշակի պատկերացումների համընկնումներ կան: Կարող եմ վերահաստատել` բոլոր բացուելիք ճանապարհները պէտք է լինեն այն երկրների սոււերենութեան ներքոյ եւ այն երկրների օրէնսդրութիւններով, որոնցով անցնում են», յայտարարեց Արարատ Միրզոյեանը:

Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք» ըսուածին, ապա միջանցքն այն տրամաբանութեամբ, որով կը շրջանառուի 2 տարիէ Ատրպէյճանը, հայկական կողմին համար անընդունելի է:

«Կարծէք թէ կայ համընդհանուր ընկալում, որ այդպէս չի լինելու, բացուելու են տնտեսական ուղիները, բայց այն չափանիշերով, որոնք մեզ համար ընդունելի են», ըսաւ ան: