ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի ընդունած որոշումէն ետք ամբողջ Ամերիկան դարձած է թիրախ: Խնդիրը այն է, որ իսլամական երկիրներու քաղաքացիներուն (Սուրիա, Իրաք, Սոմալիա, Սուտան, Լիպիա, Եէմէն եւ Իրան) ԱՄՆ մուտք գործելու դէմ դրուած արգելք-օրէնքէն ետք իսլամական աշխարհին մէջ ու յատկապէս ոչ ծայրայեղական ըմբռնումներ ունեցող շրջանակներուն մօտ, սկիզբ պիտի առնէ հակամերիկեան ընդհանուր մթնոլորտ մը, որ յետագային ալ կրնայ մարմին ստանալ արարքներով կամ «գործողութիւններով»:
ԱՄՆ նախագահը, իր այս անհեռատես արարքով կը կորսնցնէ երկու կարեւոր դատ: Նախ կը կորսնցնէ այն արաբները, որոնք յայտնի են որպէս ոչ ծայրայեղ եւ համեմատաբար «լայիք» իսլամներ եւ երկրորդ կը կորսնցնէ իսլամիստները հակակշռի եւ որոշ վերահսկողութեան տակ պահելու հնարաւորութիւնը:
Ի վերջոյ պէտք է հասկնալ, ո՞վ է Ամերիկայի թիւ մէկ թշնամին:
Մօտիկ անցեալին նայելով պէտք է վերյիշել, թէ ինչպիսի երկիրներ էին Իրաքը, Եէմէնը, Լիպիան եւ մանաւանդ Սուրիան: Ու նաեւ հարց տալ, ո՞վ կամ որ ուժերն էին, որ այս երկիրները վերածեցին կամ փորձեցին վերածել «իսլամիստներու դրախտ»ի մը:
Այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն յստակ է նաեւ, որ Թրամբ քաղաքական յստակ ծրագրով է, որ կ'առաջնորդուի: Ու այդ ծրագրին մէջ չկան Թուրքիան կամ Սէուտական Արաբիան, որոնք կը հանդիսանան իսլամիսներու «խաղաղ երդիք» տուող երկիրներ:
Խորքային մօտեցումներ կամ «յոյժ գաղտնի» տեղեկութիւններ ունենալու կարիք չկայ մատնացոյց ընելու համար, թէ որոնք էին Նիւ Եորքի Twin Tower-ը (9/11) օդը հանողները, ու անկէ ետք ալ որոնք էին, որ «սրբազան պատերազմ» յայտարարելու համար աւերակ դարձուցին Հալէպն ու Մուսոլը:
Ի վերջոյ որոնք էին, որ ջարդեր կազմակերպեցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ, բան մը որմէ զայրացած է ամերիկացի սպիտակ նախագահը:
Այս բոլորը հարցադրումներ չեն:
Այլ հաստատումներ:
Կը մնայ յուսալ, որ այս սխալ ու վտանգաւոր որոշումները արդիւնք չեն ըլլար մտածուած քաղաքականութեան մը, որուն առաջին հարուածը պիտի կրէ նախ եւ առաջ Ամերիկայի «անզէն» քաղաքացին: