image

Կութերեշ Իսրայէլին կոչ ըրած է վտանգի չենթարկելու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահները

Կութերեշ Իսրայէլին կոչ ըրած է վտանգի չենթարկելու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը մեկնաբանած է Իսրայէլի յարձակումները, որոնց հետեւանքով քանի մը խաղաղապահ վիրաւորուած է Լիբանանի հարաւին մէջ։ Անոր կարծիքով՝ նման յարձակումները կրնան դիտուիլ որպէս «ռազմական յանցագործութիւն»։

«Խաղաղապահներու վրայ յարձակումները միջազգային իրաւունքի, նաեւ՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում են։ Ատոնք կրնան ռազմական յանցագործութիւն ըլլալ»,-ըսուած է Կութերեշի յայտարարութեան մէջ:

Ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ ՄԱԿ-ի անձնակազմի եւ գոյքի անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ, եւ կազմակերպութեան տարածքներու անձեռնմխելիութիւնը պէտք է յարգուի միշտ՝ անկախ հանգամանքներէն։

Ընդհանուր քարտուղարը կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն, ներառեալ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին, «զերծ մնալու որեւէ գործողութիւններէ», որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն ՄԱԿ-ի խաղաղապահները:

Կութերեշը նաեւ նշած է, որ Լիբանանի մէջ առաքելութիւնը լիազօրուած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ։

Նշենք, որ Կիրակի Իսրայէլի պաշտպանութեան երկու հրասայլ քանդած են այն հատուածի գլխաւոր դարպասը, ուր տեղակայուած են խաղաղապահները։ Զինուորական սարքաւորումներու տարածքը լքելէն երկու ժամ անց արկեր արձակուած են՝ ծուխ առաջացնելով։ Վիրաւորուած են քանի մը խաղաղապահներ։ Վերջին օրերուն եւս քանի մը խաղաղապահներ վիրաւորուած են այլ միջադէպերու հետեւանքով։

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն նախօրէին՝ հոկտեմբեր 13-ին, դիմած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութերեշին՝ կոչ ընելով դուրս բերելու խաղաղապահ ուժերը լիբանանեան տարածքէն։