Այսօր, առաւօտեան ժամերուն լարուած ու պայթիւնավտանգ իրավիճակ ստեղծուած էր Արմաւիրի մարզին մէջ. Ակնալիճ գիւղի մօտ 400-է աւելի գիւղացիներ ի նշան բողոքի՝ երկկողմանի փակած էին Երեւան-Արմաւիր ճանապարհի Ակնալիճ վարչական տարածքի գլխաւոր հատուածը։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, ճանապարհի փակման հետեւանքով խցանուած հատուածը երկարած է մի քանի քիլոմեթրէն աւելի։
Ցոյցի մասնակիցները բողոքած են ելեկտրական ցանցերէն եւ ջրմուղէն: Անոնք ըսած են, որ պարբերական հոսանքազրկումներու պատճառով նաեւ ջուրի խնդիր կ'առաջանայ, իսկ պատասխանատու մարմինները ոչինչ կ'ընեն խնդրին լուծում տալու համար: Անոնք պահանջած են, որ իրենց հետ հանդիպին տնտեսութեան նախարարն ու մարզպետը:
Ոստիկանները յորդորած են բանալ ճանապարհը: Գիւղացիները հրաժարած են եւ քաշքշուկ տեղի ունեցած է ոստիկաններու եւ անոնց միջեւ։