image
Հրատապ լուրեր:

Բռնագրաւուած Ակնայի մէջ փակուած է ռուս-թրքական համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնը

Բռնագրաւուած Ակնայի մէջ փակուած է ռուս-թրքական համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնը

Ապրիլ 26-ին, բռնագրաւուած Արցախի Ակնայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած է ռուս-թրքական համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Կեդրոնի բացումը տեղի ունեցած է 2021 թուականի յունուար 30-ին։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր բռնագրաւուած Արցախէն Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի դուրսբերման մասին: