image

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանի այցը՝ Լաթաքիա

  Բերիոյ Թեմի  Առաջնորդ  Տ.  Մասիս եպս. Զօպուեանի  այցը՝ Լաթաքիա

Բերիոյ Թեմի  Դիմատետրի էջէն  կը կարդանք՝

Կիրակի 21 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ մէջ, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եկեղեցւոյ սրահէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Արամոյի, Ղնեմիէի եւ Եագուպիէի թաղականութիւնները ներկայացնող մեր հայրենակիցներուն հետ, որոնք եկած էին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին նուիրուած Պատարագին մասնակցելու, Սրբազան Հօր աջը համբուրելու, իրենց շրջաններու եկեղեցիներուն եւ ներկայ իրավիճակին մասին զեկուցելու:

Մտերմիկ հանդիպումին, Սրբազան Հայրը գնահատեց անոնց կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին եւ մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն նկատմամբ: Անոնք թէեւ պատերազմի հետեւանքով պարտադրաբար իրենց գիւղերէն հեռացած են եւ ժամանակաւորապէս բնակութիւն հաստատած են Լաթաքիոյ մէջ, սակայն մեծ յոյսով կը սպասեն իրենց տուները վերադառնալու պահուան:

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, մաղթելով, որ գրաւեալ շրջանները շուտով ազատագրուին եւ կրկին անգամ մեծ խանդավառութեամբ ուխտագնացութիւններ կազմակերպուին հայաշունչ գիւղերէն ներս: