Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան այցելած է Եագուպիէի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր մօտէն հետաքրքրուած է երկրաշարժին պատճառով եկեղեցւոյ կրած վնասներով եւ յառաջիկային կատարուելիք անհրաժեշտ նորոգութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի, 31 Օգոստոս 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, յետ Ս. Աննայի տօնի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ Եագուպիէի թաղական խորհուրդին ընկերակցութեամբ այցելեց Եագուպիէի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր մօտէն հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժին պատճառով եկեղեցւոյ կրած վնասներով եւ յառաջիկային կատարուելիք անհրաժեշտ նորոգութեամբ։
Սրբազան Հայրը այնուհետեւ այցելեց եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգային Գերեզմանատուն, ուր հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց՝ եագուպիահայ հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։