Երիտասարդ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Իմ հայկական ուրուականները» (« Mes fantômes arméniens ») ժապաւէնը ցուցադրուած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի շրջանակին մէջ (անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր Պերլինի փառատօնին)։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Երիտասարդ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Իմ հայկական ուրուականները» (« Mes fantômes arméniens ») ժապաւէնը ցուցադրուած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի շրջանակին մէջ (անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր Պերլինի փառատօնին)։
Ֆիլմին մէջ, հայկական շարժարուեստի գլուխգործոցներու միջոցով հեղինակը կը ներկայացնէ մեր մեծերը՝ Համօ Բեկնազարեանը, Ֆրունզէ Դովլաթեանը, Սերկեյ Փարաճանովը, Հենրիկ Մալեանը…, կ՚անդրադառնայ անոնց ձեռագրերու առանձնայատկութիւններուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան։
Թամարա Ստեփանեան խոստովանած է, թէ, շատ յուզուած է, որովհետեւ թէ՛ հայրենի հողին վրայ կը գտնուի եւ թէ՛ դահլիճին մէջ կը տեսնէ հայկական շարժանկարի մեծերուն սերունդները։
“Չորս տարի առաջ կորսնցուցի հայրս (թատրոնի եւ շարժանկարի դերասան՝ Վիգէն Ստեփանեան)։ Մեր երկխօսութիւնը յանկարծակի ընդհատուեցաւ։ Փորձեցի հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է շարունակել այդ զրոյցը։ Հօրս լուսանկարներն ու ֆիլմերը դիտելով կարծէք թէ ան ձեռքս բռնեց ու զիս տարաւ դէպի հայկական շարժանկարի ակունքները”,– նշած է բեմադիրը։
«Իմ հայկական ուրուականները»-ի առանցքին Թամարա Ստեփանեանի ընտանիքն է։ Ան զուգահեռներ կը գծէ իր ընտանիքին եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան միջեւ՝ յուսալքութիւն, տարագրութիւն, վերադարձ եւ հաւատք դէպի լուսաւոր ապագայ։
Ֆիլմին մէջ Ստեփանեան կը զրուցէ հօր հետ, որուն ֆիլմերը ոգեշնչած են զինք։ Ան կը պատմէ, որ ամէն իրիկուն ընտանեօք կը հաւաքուէին պաստառին առջեւ ու կը դիտէին հայկական շարժանկարի գանձերը՝ «Նամուս», «Զանգեզուր», «Կարօտ», «Առաքել», «Մենք ենք, մեր սարերը», «Աշնան արեւ», «Նռան գոյնը»…։ Հայրը, որ մտերիմ եղած է խորհրդային շարժանկարի մեծերուն հետ, հիացած է անոնց՝ խաղով եւ յաջողած է իր արժանի տեղը գրաւել վերջիններուս շարքերուն մէջ։
Այժմ Թամարա Ստեփանեան ալ կ՚ընթանայ հօրը ճամբով։ Անոր ֆիլմերը մրցանակներու կ՚արժանանան միջազգային հեղինակաւոր փառատօներուն։
Յիշեցնենք, որ Թամարայի բեմադրած «Արթոյի երկիրը» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութեամբ բացումը կը կատարուի Լոքառնոյի (Զուիցերիա) 78-րդ միջազգային փառատօնին, Օգոստոս 6-ին։