image
Հրատապ լուրեր:

Բազմաթիւ ազատամարտիկներ հաւաքուած են Եռաբլուրի մուտքին. Նպատակը արգելք ըլլալ Փաշինեանին

Բազմաթիւ ազատամարտիկներ    հաւաքուած են  Եռաբլուրի մուտքին. Նպատակը արգելք ըլլալ  Փաշինեանին

Մինչ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ  ընթացք  կ՚առնէր Փաշինեանի գլխաւորած   դէպի  Եռաբլուր  ուղղուող   «Սգոյ  երթ»ը,  նոյն պահուն  բազում   ազատամարտիկներ հաւաքուած  են Եռաբլուր պանթէոնի մուտքին:

 

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ  News.am կայքէն։

 

Աղբիւրը նշեց, որ այս պահուն բազմաթիւ ազատամարտիկներ հաւաքուած են «Եռաբլուր» պանթէոնին առջեւ, որպէսզի թոյլ չտան Նիկոլ Փաշինեանին մուտք գործէ պանթէոն:

 

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուած է, եւ այսօր՝ ժամը 13-ին, Հանրապետութեան հրապարակէն երթ ընթացք կ'առնէ դէպի «Եռաբլուր» պանթէոն: Երթին կը մասնակցի նաեւ Նիկոլ Փաշինեան: