Այսօր Երեւանի մէջ սկիզբ պիտի առնէ լրագրողներու արդէն 8-րդ համահայկական համաժողովը: Համաժողովը խորագիր ընտրած է «Հայոց պետականութիւնը՝ միասութեան առանցք» բնաբանը, եւ նիստերու ընթացքին քննարկման պիտի դրուին հայաշխարհի մամուլը յուզող բազմապիսի խնդիրներ:
31 երկիրներէ 140 լրագրողներ մասնակից պիտի դառնան այս կարեւոր միջոցառման, որուն ընթացքին հայրենի եւ սփիւռքահայ լրագրողներ պիտի խօսին իրենց փորձին ու այժմէական առաջարկներ պիտի դնեն հայաշխարհի մամուլի սեղանին:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան անմիջական հովանիով եւ տնօրինութեամբ կայացող այս համաժողովը կը յատկանշուի մի քանի առումներով:
Նախ՝ կ'ամրապնդէ կապը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տասնեակ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներու միջեւ:
Կը միտի մշակել լրատուական դաշտին համար նոր մարտավարութիւն ու կը հաստատէ մամուլի աշխատանքը արդիական միջոցներով շարունակելու առաջնահերթութիւնը: Այստեղ է նաեւ, որ սփիւռքը իր բոլոր թեւերով փորձի փոխանակում պէտք է կատարէ Հայաստանի լրատուական դաշտին հետ եւ նոյն առումով հայրենի լրատուական ծառայութիւնները պէտք է լսեն սփիւռքի երկար տարիներու կենսափորձն ու առաջարկութիւնները:
Ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ կ'աճին համացանցի աշխարհի լրատուակայքերը, սակայն անոնց դիմաց տխուր եւ անմխիթար վիճակի մատնուած են տպագիր մամուլի ներկայացուցիչները:
Այս բոլորին հետ զուգահեռ կարեւոր շեշտով մը պէտք է գնահատել սփիւռքի տարբեր անկիւններու մէջ գործող հայատառ ու անգլիատառ մամուլի «սիւներ»ը, որոնք կարեւոր եւ գնահատելի աշխատանք կը տանին լուսաբանելու համար Հայաստան աշխարհի հիմնահարցերը, Արցախեան պայքարի զարգացումները՝ վեր առնելով Կովկասի մէջ Հայաստանի ունենալիք դերն ու առաքելութիւնը:
Եթէ հայ զինուորը փայլուն կատարեց իր առաքելութիւնը սահմանին վրայ, ապա երեւելի է նաեւ, որ հայ զինուորի կողքին հայ լրագրողը իր բոլոր կարելիութիւնները զինուորագրեց, ամուր պահելու համար հայութեան թիկունքը:
Հայ լրագրողը զինուոր է, եթէ գիտակցի իր առաքելութեան:
Հայ լրագրողը պահապան է, եթէ հաւատայ, որ իր բառը նետ է ՝ անշեղ ու սլացիկ:
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումներուն առընթեր ալ մեր մամուլը ունի կենսական ընելիք:
Ու հոն է նաեւ, որ մէկդի դնելով խնդիրներու առընթեր առկայ բոլոր տարակարծութիւնները, հայ մամուլն ու անոր զինուորեալ լրագրողները պարտաւոր են ամէն գնով հայելին եւ ամպիոնը դառնալ այդ շրջաններուն մէջ «մահ ու կենաց» պայքար մղող մեր հայրենակիցներուն:
Առանց անհիմն մեղադրանքներու, առանց անարդար գնահատականներու, այլ փորձելով վեր պահել մարդկային արժանապատութիւնը ու օգնութեան ձեռք մեկնելով դժուար կացութեան մէջ եղողներուն:
Այս բոլորը, անշուշտ, հայ մամուլին համար ընդգծուած ընդհանուր շեշտերն ու գիծերն են, որոնք շրջանակ պիտի կազմեն եւ պիտի ուռճանան վեր պահելով մեր ժողովուրդի, Հայաստան աշխարհի եւ հայութեան իրական ու մնայուն արժէքները:
Բարի երթ` Լրագրողներու Համահայական 8-րդ Համաժողովին եւ յաջողութիւն ժողովի աշխատանքներուն: