Օրերս տօնական առիթներները շնորհաւորելու նպատակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան այցելած է Քուէյթահայ բարերար՝ Նոէլ Փամպուքեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Բարերարին կ՚ընկերանային անոր զարմիկը՝ Աւետիս Փամպուքեան, ընտանիքի բարեկամ՝ Թորոս Մանտալեան, ինչպէս նաեւ Քուէյթի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս ծ.վրդ. Մանուէլեան։
Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ . Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ անձամբ ընդունած է հիւրերը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցած է անոնց մեծապէս գնահատելով բարերար մեր հայրենակիցին տարած ազգօգուտ աշխատանքները։
Նշենք, որ արմատներով Զահլէ քաղաքէն ՝ Նոէլ Փամպուքեան, երկար ժամանակէ մը ի վեր հաստատուած է Քուէյթ ուր համասեփականատէր է արագ սնունդ մատակարարող ճաշարաններու ցանցի։Բարերարը հետեւելով Լիբանանի մէջ գոյացած տնտեսական սուր ճգնաժամին վերջերս սկսած է հանդէս գալ բարեսիրական-կրթական ծրագիրներով, որոնց կիզակէտը բնականաբար իր ծննդավայր Զահէլի հայրենակիցներուն կեանքի որակի բարձրացումն է, ինչպէս նաեւ Այնճար հայկական աւանի կարեւորագոյն պէտքերուն հասնիլը։