Եթէ մենք զէնք չունենանք, լաւ, ուրեմն կը կռուինք բահերով, բայց մենք պիտի պաշտպանուինք, քանի որ այս պատերազմը պատերազմ է մեր գոյութեան համար:
Ուքրանիոյ արտաքին գործուց նախարար Տմիթրի Քուլեպան յայտարարած է, որ եթէ նոյնիսկ դադրեցուի Քիեւին արեւմտեան զէնքի մատակարարումը, իր երկիրը պիտի շարունակէ դիմակայել Ռուսիոյ եւ «պիտի պայքարի բահերով»:
«Եթէ մենք զէնք չունենանք, լաւ, ուրեմն կը կռուինք բահերով, բայց մենք պիտի պաշտպանուինք, քանի որ այս պատերազմը պատերազմ է մեր գոյութեան համար», ըսած է Քուլեպան:
Ան ընդգծած է, թէ որքան շուտ Ուքրանիան զէնք ստանայ, այնքան աւելի մեծ օգնութիւն պիտի ըլլայ երկրին համար: Եթէ զէնքը ուշ ուղարկուի, Քիեւը դարձեալ պիտի ըսէ «շնորհակալութիւն», բայց շատ բան պիտի կորսուի եւ շատ մարդիկ պիտի մահանան, պնդած է դիւանագէտը: