Նախնական տուեալներով՝ Ամուրի շրջանին մէջ կործանած Ան-24 ինքնաթիռի մէջ գտնուող բոլոր անձինք զոհուած են։ Այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն։
«Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ բոլորը զոհուած են։ Մինչ այժմ փրկարարներով ուղղաթիռը չի կրնար վայրէջք կատարել վթարի վայրին մէջ՝ այդ դժուարամատչելի տարածք է, լերան լանջ։ Տեղւոյն մէջ հրդեհ բռնկած է», -ըսած է գործակալութեան աղբիւրը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ Ամուրի մարզին մէջ կորսուած է կապը Ան-24 ուղեւորատար օդանաւի հետ, որուն մէջ եղած է 46 մարդ: «Անգարա» օդանաւային ընկերութեան օդանաւը կը թռչէր Խապարովսք-Պլակովեշչենսք-Թինտա երթուղիով: