image

Բագրատ սրբազան կը պահանջէ, որ Միրզոյեանը պատասխանէ Ալիեւի եւ Էրտողանի յայտարարութիւններուն

Բագրատ սրբազան կը պահանջէ, որ Միրզոյեանը պատասխանէ Ալիեւի եւ Էրտողանի յայտարարութիւններուն

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտ կոչ ըրած է նախարար Արարատ Միրզոյեանին իջնելու ներքեւ եւ ժողովուրդի առջեւ պատասխանելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի` վերջին օրերուն հնչեցուցած յայտարարութիւններուն։

«Իջէ՛ք, պատասխանէ՛ք ադրբեջանական բոլոր տեսակի յայտարարութիւններին, որոնք հնչում են մեր պետութեան հասցէին, դուք ի վերջոյ պատասխան տալի՞ս էք, թէ՞ չէք տալիս, ի վերջոյ, այդքան տղամարդկութիւն ունէ՞ք խօսելու, թէ՞ ոչ»,– ըսած է ան։

Սրբազանը աւելցուցած է, որ եթէ նախարարը չիջնէ, ապա ինքը լրագրողներու ու ցուցարարներու հետ վեր պիտի բարձրանայ։

«Եթէ դուք չէք իջնելու եւ հրապարակային չէք խօսելու, ապա ձեր բոլոր ասածները` դաւաճան, գործակալ ու մնացած բոլոր բաները, ձեր վրայ էք վերցրել ու այսուհետ ծառայում էք ոչ թէ ՀՀ–ին, այլ թուրքական ու ադրբեջանական իշխանութիւններին»,– ընդգծած է ան։