Արցախեան սահմանին գրանցուած Ազրպէյճանի հերթական սադրանքներուն հետեւանքով զոհուած է 12- ամեայ պատանի մը: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցող հայկական աղբիւրները նոյնպէս կը յայտնեն, որ դէպքը տեղի ունեցած Մարտունի շրջանի պաշտպանական դիրքերուն մօտ եւ ոսոխի նետած կրատ տիպի հրթիռին հետեւանքով զոհուած է Վաղինակ Թաթուլ Գրիգորեանը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ երկու այլ երեխաներ վիրաւորուած են: