Ուրախ եմ, որ հիմա այստեղ եմ, ու սա ինծի համար նաեւ պատասխանտու քայլ է, քանի որ Շարլի հայրենիքին մէջ եմ: Երեւանի մէջ շատ ժամանակ չեմ անցուցած, բայց մարդոց ջերմութիւնը զգացած եմ:
Ֆրանսացի յայտնի երգչուհի ZAZ-ը Հայաստանի մէջ է, ու պատրաստ` իր երեւանեան առաջին մենահամերգին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` Յունիս 25-ին, Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին մէջ։ Մինչ համերգը երգչուհին երէկ հանդիպեցաւ հայ լրագրողներուն ու կիսուեցաւ իր ապրումներով։
«Շատ ուրախ եմ ըլլալով այստեղ, եւ հետաքրքրութեամբ լի եմ, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ համերգը», ըսաւ ան` յաւելելով, որ Հայաստանի մէջ ըլլալով մեծ ջերմութիւն ու պատասխանատուութիւն կը զգայ, քանի որ Ազնաւուրի հողին վրայ է: Յիշելով առասպելական շանսոնիէն` երգչուհին նշեց.
«Ազնաւուրը ինծի շատ կարեւոր խորհուրդներ տուած, որոնցմէ էր, օրինակ, անգլերէն սորվիլը, որ ես չըրի (կը ծիծաղի): Ուրախ եմ, որ հիմա այստեղ եմ, ու սա ինծի համար նաեւ պատասխանտու քայլ է, քանի որ Շարլի հայրենիքին մէջ եմ: Վերջին անգամ Հայաստան եղած եմ տարիներ առաջ` Ֆրանքոֆոնի շրջանակին մէջ, իսկ մեկնած ատեն յուզուած էի: Երեւանի մէջ շատ ժամանակ չեմ անցուցած, բայց մարդոց ջերմութիւնը զգացած եմ»:
Անդրադառնալով երեւանեան առաջին համերգին` ZAZ-ը վստահեցուց` լաւ տրամադրութիւնը ապահովուած է.
"Կ'ուզեմ կիսուիլ իմ ներուժով թէ՛ երաժիշտներուն, թէ՛ հանդիսատեսին հետ: Կ'ուզեմ փոխանցել մեծ տօն, որպէսզի համերգին վերջաւորութեան բոլորը լեցուած ըլլան դրական լիցքերով»:
Նշենք, որ երգչուհիին պիտի նուագակցի նաեւ տուտուկահար Կամօ Սէյրանեանը. տուտուկով հանդէս գալը ZAZ-ի ցանկութիւնն է, երգչուհին հայկական տուտուկի սիրահար է։