image

ԱԺ-ն վաւերացրեց սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը

ԱԺ-ն վաւերացրեց սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը

Ազգային Ժողովը վաւերացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը:

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը տեղեկացուց, որ 2 պատգամաւոր՝ Վահէ Ղալումեանը եւ Սոնա Ղազարեանը թողած են իրենց կողմ քուէարկութիւնը:

67 կողմ, 0 դէմ, ձեռնպահ՝ զէրօ ձայներով որոշումն ընդունուած է:

Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուած էր Կանոնակարգին: Հարցը երէկ քննարկուած էր խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը նշած էր, որ Կանոնակարգի վաւերացումէն եւ ծանուցումներու փոխանակումէն ետք երկու երկրի միջեւ պիտի կնքուի պետական սահմանի մասին միջազգային պայմանագիր: