ՀՀ Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը սեպտեմբեր 28-ին պիտի քննարկէ միջազգային քրէական դատարանի՝ Հռոմի կանոնադրութեան վավերացման նախագիծը: Կ'ենթադրուի, որ անկէ ետք փաստաթուղթը պիտի քննարկուի խորհրդարանի լիագումար նիստին։
Սեպտեմբեր 13-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Հռոմի կարգավիճակը վաւերացուած է իր դիրքորոշմամբ եւ խորհրդարանական գործընկերներու լիարժէք աջակցութեամբ։
Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Հայաստան–Ռուսիա յարաբերութիւններու հետ Հռոմի կարգավիճակը առնչութիւն չունի։