image

Այսօրուան Սահմանադրութեան բնագիրը որեւէ խոչընդոտ չի պարունակեր խաղաղութեան գործընթացի իրականացման համար. Գալեան

Այսօրուան Սահմանադրութեան բնագիրը որեւէ խոչընդոտ չի պարունակեր խաղաղութեան գործընթացի իրականացման համար. Գալեան

Այս պահուն չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ աշխատանքային խումբ պիտի աշխատի Սահամանդրութեան նոր բնագրի վրայ, բայց փակ, գաղտնի պահելու մտադրութիւն չունինք, երբ սկսի յանձնաժողովն իր աշխատանքը, պարբերաբար լուսաբանումներ պիտի ըլլան: Այս մասին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին յայտարարած է արդարդատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը՝ անդրադառնալով հարցին՝ Սահմանադրութեան մէջ արդեօք պիտի մնա՞յ յղումն՝ Արցախի յիշտակումով:

Նախարարը նշած է, որ ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, թէ Սահմանադրութեան նոր բնագիրը որու միջոցով եւ որու ընտրութեամբ պիտի ընդունուի։ «Վերջնական տեքստը երբ լինի, ժողովուրդը կամ հաւանութիւն է տալու այդ տեքստին, կամ հաւանութիւն չի տալու»,-ըսած է ան:

Նախարարն ընդգծած է՝ այսօրուան Սահմանադրութեան բնագիրը որեւէ խոչընդոտ չի պարունակեր խաղաղութեան գործընթացի իրականացման համար, եւ այդ մասին ըսած է նաեւ Սահմանադրական դատարանը:

«Մեր դիրքորոշումը յստակ է, մենք Սահմանադրութիւն փոխելու խնդիր չունենք այն պատճառով կամ նրա համար, որ թուացեալ խնդիր կայ այդտեղ, ո՛չ: Յիշեցնում եմ՝ Սահմանադրութեան փոփոխման, նոր սահմանադրութիւն ունենալու աշխատանքները ե՞րբ են սկսուել։ Բոլորս յիշում ենք չէ՞, երբ են սկսուել, յեղափոխութիւնից յետոյ պարբերաբար խօսուել է Սահմանադրութիւնը փոխելու կամ նոր Սահմանադրութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին:

Յետոյ, երբ տեղի ունեցան բոլորիս յայտնի իրադարձութիւնները, որոշակի, այսպէս ասած, մտահոգութիւններ բարձրաձայնուեցին որոշակի շրջանակի անձանց կողմից, եւ այդ մտահոգութիւններն ամբողջովին փարատուեցին Սահմանադրական դատարանի որոշմամբ»,-ըսած է ան։

Ան նշած է, որ յանձնաժողովի աշխատանքները շուտով պիտի վերսկսին:

Հարցին ալ՝ յանձնաժողովի կազմըպիտի փոխուի՞, ան նշած է, որ չի կրնար ըսել, բայց յանձնաժողովի աշխատանքներուն մէջ պէտք է պահպանեն նաեւ քաղհասարակութեան ներկայացուցիչներու ներգրաւուածութիւնը: