image

Հայաստան- Ատրպէյճան գործարքը կարեւոր է նախագահ Թրամփի համար.Պետքարտուղարութիւն

Հայաստան- Ատրպէյճան գործարքը կարեւոր է նախագահ Թրամփի համար.Պետքարտուղարութիւն

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուաշինկթընեան պայմանաւորուածութիւնը, այս գործարքը կարեւոր է նախագահ Տանըլտ Թրամփի համար։ Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Թեմի Պրիւսը։

«Սա կարեւոր է այս վարչակազմին համար։ Այս կարեւոր է աշխարհի համար… Թէեւ շատեր փորձած են՝ եւրոպացիները, ֆրանսացիները, Փութինը եւ նոյնիսկ Պայտընը, միայն նախագահ Թրամփը կրցաւ յաջողութեամբ այս երկու երկիրները միացնել՝ այս պատմական խաղաղութեան համաձայնութեան գալու համար։

Այսպիսով, կը կարծեմ, աշխարհը գիտէ, որ ան յանձնառու է երկիրներու միջեւ երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան՝ անկախ անկէ, թէ որքան ժամանակ տեւած են հակամարտութիւնները կամ թշնամանքը։ Եւ այդ յանձնառութիւնը, ինչպէս մենք նաեւ տեսած ենք, հիմնուած է դիւանագիտութեան վրայ»,– նշած է խօսնակը։