Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ժամանակացոյցին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյց դեռ նախատեսուած չէ։ Նոյեմբեր 29-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
Ան նշած է, որ Փաշինեանին կը սպասեն դեկտեմբերի վերջը Ռուսիոյ մէջ կայանալիք Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին․ «Այդ հիանալի հնարաւորութիւն կ՚ըլլայ խօսելու համար»,-աւելցուցած է Փեսքովը:
Նշենք, որ Դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական աւանդական հանդիպում եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) պաշտօնական նիստ։