image

Այս մարդիկ դէմ չէին ՀՀԿ-ին ու Սերժ Սարգսեանին, այլ կ՚ուզէին ՀՀԿ-ի ու Սերժ Սարգսեանի տեղը ըլլալ․ Հայկ Մարութեան

Այս մարդիկ դէմ չէին ՀՀԿ-ին ու Սերժ Սարգսեանին, այլ կ՚ուզէին ՀՀԿ-ի ու Սերժ Սարգսեանի տեղը ըլլալ․ Հայկ Մարութեան

Այս մեր «յեղափոխական» իշխանութիւնը, ի դէմս նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀԿ-ի ժամանակ կ՚ըսէր, որ սա մենատիրական պետութիւն է, փտածութիւն կայ, ամէն ինչ վերերէն կ՚որոշուի, կ՚արգիլեն եւ այլն, սակայն այդ իշխանութիւններու օրօք Նիկոլ Փաշինեանը մուտք գործեց ռատիոյի շէնք, ընդ որում՝ ոչ մէկ իրաւունք ունենալով, եւ այդ մասով ոչ մէկ քրէական հետապնդում եղած է։

Այս մասին 12 մարտին Երեւանի քաղաքապետարանի մօտ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը՝ շեշտելով, որ այն ժամանակ կը պայքարէին այն բանի դէմ, որ չեն ձգեր ժողովուրդը մտնէ շէնք, կը պայքարէին, որ ընդունելութիւն ըլլայ, հանրային գերակայ շահ ըլլայ, մինչդեռ այսօր իրենք չեն ձգեր ներկայ գտնուիլ Երեւանի աւագանիի նիստին, որ օրէնքի խախտում է։

«Սա շատ յստակ արձանագրում է, որ այս մարդիկ չէին ուզում յեղափոխութիւն անել, չէին ուզում ժողովրդի վիճակը լաւացնել, իրենք դէմ չէին ՀՀԿ-ին ու Սերժ Սարգսեանին, իրենք ուղղակի ուզում էին ՀՀԿ-ի ու Սերժ Սարգսեանի տեղում լինել։ Իրենք չէին ուզում, որ ՀՀԿ-ն գնայ, որ լաւ լինի: Այլ ուզում էին, որ իրենք զբաղեցնէին նրանց տեղը, վայելեն կոռուպցիան եւ ամէն ինչ», - նշած է Մարութեանը։

Նախկին քաղաքապետի խօսքով՝ այսօր եւս փտածութիւնը կը բարգաւաճի, սակայն ներկայիս իշխանութեան անօրինական քայլերը պիտի բացայայտուին միայն յաջորդ իշխանութեան օրօք։

«Մեր այսօրուայ իշխանութիւնները պէտք է յիշեն, որ իրենք յաւերժ չեն: ՀՀԿ-ն ու ՀՀՇ-ն էլ էին մտածում, որ յաւերժ են: Դուք ժողովրդին բառացի խաբել էք», - ընդգծած է ան:

Նշենք, որ Երեւանի աւագանին պիտի քննարկէր փոխադրամիջոցներու սակագինին վերաբերող նախագիծը։

«Մայր Հայաստան» եւ «Ազգային առաջընթաց» խմբակցութիւնները, սակայն, առաջարկած են օրակարգէն հանել այն:

«Ազգային առաջընթաց» խմբակցութիւնը փորձեց որպէս փորձագէտ նիստերու դահլիճ հրաւիրել աւագանիի մանթատէն զրկուած Հայկ Մարութեանը։

Քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը չանդրադարձաւ տուեալ խմբակցութեան առաջարկին՝ ըսելով՝ լսեցին խմբակցութիւններու առաջարկները։