image
Հրատապ լուրեր:

Այնճարի մէջ. Պատանիներու յատուկ ամառնային «Սուրբ գրոց վարժարան»

 Այնճարի մէջ.  Պատանիներու  յատուկ ամառնային «Սուրբ գրոց վարժարան»

 «Արեւելք» (Այնճար) Ինչպէս  ամէն տարի այս տարի եւս Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ իրագործուած է   պատանիներու Սուրբ Գրոց վարժարանը։

Նշենք, որ այս մասին գրառումով մը հանդէս  եկած է Այնճարի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջը, մասնաւորապէս գրելով՝

 

Աստուծոյ փառք կու տանք որ այս տարի եւս կրցանք ունենալ Ամառնային Սուրբ Գրոց Վարժարանը։

Այս տարուայ մեր նիւթն էր` «Պատրաստ ես Պտըտելո՞ւ», աշակերտները պաշտամունքներու ընթացքին ծանօթացան բոլոր այն շրջանները, ուր Տէր Յիսուս այցելած և հրաշքներ գործած էր։

Մանուկները հոգեւոր եւ ընկերային պահերուն կողքին ունեցան զանազան գործունէութիւններ. Անոնք ամառնային դպրոցին աւարտին նաեւ առիթը ունեցան երթալու` «Mambo Beach» լողաւազանը և «Megaplay» խաղավայրը եւ ունեցան հաճելի ու անմոռանալի ժամանակ։

Շնորհակալ ենք` Այնճարի Հայ Աւետարանական

Եկեղեցւոյ հովիւէն, հոգաբարձութենէն, Ա.Հ.Ա.Ը֊էն, Ք.Ջ. Գործադիր մարմնէն, կամաւոր առաջնորդներէն եւ բոլոր ծնողներէն ու անհատներէն որոնք տարբեր ձեւերով օգտակար դարձան ուրախացնելու մեր մանուկներուն։