image

Աւստրալիոյ մէջ. ՀՅԴ-ՍԴՀԿ-ՌԱԿ հանդիպում կայացած է

Աւստրալիոյ մէջ. ՀՅԴ-ՍԴՀԿ-ՌԱԿ հանդիպում  կայացած է

Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան եւ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ գաղութս յուզող զանազան հարցեր: Ներկաները խօսեցան նախորդ երկու տարիներուն Քորոնա ժահրի եւ Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներու ձգած ազդեցութեան եւ այդ առնչութեամբ գաղութի կազմակերպութիւններուն տանելիք աշխատանքներուն մասին: Քննարկումներուն մաս կազմեցին համագաղութային մարմինները, ծրագիրները եւ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի աշխատանքներու առնչուող հարցեր:

Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ այդ առնչութեամբ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն: